2012-01-26 12:43:23

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 26 յունուար 2012 առաւօտեան ժամը 11 ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եեպիսկոպոսաց Համահաւաք դասի կարգ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ այցելութիւնը կատարելու՝ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Ժամը 12ին Վատիկանի Գլեմենթինա սրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Ումպրիա Մարզի Ասսիզի քաղաքի Պիոս ԺԱ.ի Ժառանգաւորաց վարժարանի,Գաթանծարոյի Պիոս Ժ.րդ եւ Նաբոլիի միջ-համայնքային Նորնծայարանի մեծաւորներուն ու աշակերտութեանց` վերոյիշեալ նորնծայարաններու հիմնադրութեան 100 ամեակի առիթով։








All the contents on this site are copyrighted ©.