2012-01-26 12:46:32

Պանկլատեշի մէջ Սանդալ Ցեղէն առաջին Եպիսկոպոսի Օծումը. Գերապայծառ Սեպասթեան Դուտու՝ Առաջնորդ Տինաժբուր Թեմի-ն։


Պանկալատեշի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Սանդալ կոչուած ցեղէն անդամ մը եպիսկոպոս կ'օծուի, յանձին Գերապայծառ Սեպասթեան Դուտուի։ Ան նշանակուած է Առաջնորդ Տինաժբուր թեմին։
Նշենք որ Պանկլատեշի կաթողիկէ համայնքը կը ներկայացնէ երկրին հարիւրէն 2 տոկոսը։ Սանդալի ցեղախումբը կը հաշուէ 225 հազար հոգի որոնցմէ 50 հազարը քրիստոնեայ են։








All the contents on this site are copyrighted ©.