2012-01-25 11:53:31

Նախագահ Սարգսեանի, Նախագահ Յակոբեանի եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նամակները՝ Նիքոլա Սարքոզիին ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհակալական նամակ մը յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին` Ֆրանսայի Ծերակոյտին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնելու մասին օրինագիծի ընդունման առիթով: Իր նամակին մէջ նախագահ Սարգսեան նշեց, որ Ֆրանսան վերստին փաստեց իր մեծութիւնը եւ ուժը, իր նուիրուածութիւնը համամարդկային արժէքներուն:

Նոյնպէս Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Շնորհակալական ուղերձ մը յղեց բոլոր ֆրանսացիներուն, ֆրանսահայերուն եւ ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ անդամներուն: Նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ Թուրքիայէն եկող սպառնալիքները եւ վիրաւորանքները չազդեցին ծերակոյտի որոշումին վրայ: Ըստ անոր, իրաւական եւ ժողովրդավարական պետութեան համար առաջնահերթութիւն են մարդկային իրաւունքները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած ոճիրները այլեւս չկրկնելու պահանջը:

Իր կարգին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոս եւս Շնորհակալական նամակ յղեց Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզիին:
Վեհափառը ողջունեց Ֆրանսայի Պետական Իշխանութիւնները եւ ֆրանսացի ժողովուրդը: Ան նշեց, որ Ֆրանսայի ծերակոյտէն վերստին հնչեց արդարութեան ձայնը, որուն յաղթանակին աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդը կը սպասէ մէկ հարիւրամեակէ ի վեր: Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը ընդգծեց, որ հայ եւ ֆրանսացի ժողովուրդներու ջերմ բարեկամութիւնը կը զարդարուի մարդկային եւ ազգերու իրաւունքներու պաշտպանութեան նոր ձեռքբերումով, որ հայ նահատակներուն յիշատակին առջեւ սփոփանք կը բերէ հայ ժողովուրդին եւ կ՛ամրապնդէ հաւատքը Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր դատապարտման:








All the contents on this site are copyrighted ©.