2012-01-25 11:55:20

Զուիցերիոյ Աշխարհականներու Առաքելութեան Բնաբանը ''Մէկը Միւսին Կը Հոգայ՝՝։


Յառաջիկայ 5 փետրուարին Զուիցերիոյ աշխարհականներու առաքելութեան շարժումը կը տօնէ աշխարհականներու առաքելութիւնը, ունենալով որպէս բնաբան ''Մէկը միւսին կը հոգայ''։ Աշխարհականներու առաքելութեան նպատակն է, մօտէն հետեւիլ այր եւ կին բանուորներու հարցերուն։ Մեր ընկերութիւնը, յայտարարած է այս առթիւ Զուիցերիոյ աշխարհականներու առաքելութեան պատասխանատուն, շտապ օգնութեան կարիքը ունի Աւետարանին ու Եկեղեցւոյ։ Մեր հաւատքի քարոզութեան ու վկայութեան միջոցաւ Աստուծոյ խօսքը պիտի աճի ընկերութեան մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.