2012-01-25 11:53:10

«Խօսէ’ Ինծի Հայ Եկեղեցւոյ Մասին» Գիրքին Շնորհահանդէսը, Հեղինակ՝ Հայր Անդրանիկ Ծ. Վրդ. Կռանեան - Պէյրութ, Լիբանան


Երեքշաբթի 24 յունուար 2012-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայր Անդրանիկ ծ.վրդ. Կռանեանի «Խօսէ՝ ինծի հայ Եկեղեցիին մասին» գիրքին շնորհահանդէսը, հովանաւորութեամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ՝ Հայ կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան (ՀԿՀՄ)։
ՀԿՀՄ-ի անունով Դալար Աթեշեանի բացման խօսքէն ետք, օրուան առաջին պատգամը փոխանցեց «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու տնօրէն Սարգիս Նաճարեան, որ յայտնեց թէ հատորին հեղինակը հ. Անդրանիկ Կռանեան իրականացուցած է ազգանուէր ու եկեղեցասէր ծրագիրներ եւ ստեղծած է երիտասարդական ու պատանեկան շարժումներ` դառնալով «Ճանապարհը լուսաւորող հովիւ»: Ապա խօսք առաւ՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ յայտնեց, թէ հայր Անդրանիկ Կռանեանի այս գործը պտուղն է երկարամեայ ծառայութեան, սերտողութեան, դասաւանդման եւ աղօթքի: Վեր. Հայտոսթեան ըսաւ, որ գիրքը աւանդաքննական բնոյթ ունի, որ կ’ուզէ 21-րդ դարու հայուն խօսիլ եկեղեցւոյ պատմութեան եւ խնդիրներուն մասին: Բանախօսը շեշտեց, որ հեղինակը «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքին ընդմէջէն կը խօսի հայ եկեղեցւոյ միութեան, եկեղեցի-քաղաքականութիւն-ընկերութիւն անքակտելի եռեակին, միջեկեղեցական, քաղաքական եւ եկեղեցական իշխանութիւններու յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու մասին:
Իր կարգին, գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք խօսք առաւ «Խօսէ՛ ինծի հայ եկեղեցիին մասին» գիրքի հեղինակը՝ հայր Անդրանիկ ծ. վրդ Կռանեան, որ շեշտեց, թէ ինք կը մեծարէ հայ եկեղեցին, որովհետեւ այն ինչ որ հայ եկեղեցին ընձեռած է հայ ազգին, ոչ մէկ եկեղեցի կատարած է իր ժողովուրդին: Կռանեան հաստատեց, որ այս գործը հրաւէր մըն է` հայ եկեղեցւոյ մասին միասնաբար մտածելու, խորհելու, սրբագրելու եւ միասին սիրելու հուսկ՝ շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը իրականացնող բոլոր անհատներուն:
Տեղի ունեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը որուն ընթացքին ասմունքեց Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան, եւ ջութակի վրայ նուագեց Մարինէ Հալլաճեան։
Շնորհահանդէսը փակուեցաւ ամենապատիւ Հոգեւոր տիրոջ Պահպանիչով: Հանդիսութեան յաջորդեց հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանի գիրքին մակագրութիւնը եւ հիւրասիրութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.