2012-01-24 13:10:52

Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պարտքը Նուազեցնելու Համար Առնուած Քայլերը- Միացեալ Նահանգներ։


Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդը՝ Արհիապատիւ Միքայէլ եպս. Մուրատեան եւ Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերապատիւ Հ. Գրիգոր վրդ. Շահինեան ստորագրեցին եկեղեցւոյ պարտքը վերադասաւորող համաձայնութիւնը, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ տարեկան մօտաւորապէս 22,000 տոլար խնայել վճարուելիք տոկոսներէն:
Պարտքը նուազեցնելու այս քայլին շնորհիւ՝ 1,870,000 տոլարէն 1.5 միլիոնի իջած (Դեկտեմբեր 31ի տուեալներով) պարտքին կարեւոր մէկ մասը պիտի վճարուի յառաջիկայ 5 տարիներուն ընթացքին՝ ամսական 18,450 տոլարի վճարում կատարելով:
Հինգ տարի ետք պարտքը հասած պիտի ըլլայ 622,000 տոլարի: Այդ հանգրուանին եւս յատկանշական վճարում մը կատարելով՝ պարտքը աւելիով նուազեցնելու նպատակով՝ արդէն իսկ յատուկ հիմնադրամ մը ստեղծուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.