2012-01-24 13:10:07

Կալկաթայի Արքեպիսկոպոսական Թեմի Հաստատման 125-րդ Տարեդարձի Տօնախմբութիւնը։


Այս առթիւ Կալկաթայի արքեպիսկոպոսարանը նոր կայք մը բացած է, որու մէջ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Լուգաս Սիրքար կը գրէ որ թեմը իր աւելի քան 100 տարիներուն ընթացքին շրջանի բոլոր բնակիչներուն յոյս ներշնչած է ու հարստացուցած անոնց կեանքը, առանց կրօնական կամ դասակարգային խտրականութիւն դնելու։ Այս տօնախմբութեան առթիւ թեմը հիւանդանոց մը բացած է, ընկերութենէն լքուած հիւանդներուն համար։ Նշենք որ մէկ սեպտեմբեր 1886-ին երջանկայշատակ Լեւոն 13-րդ Քահանայապետը հիմնած է Կալկաթայի թեմը, որ ներկայիս ունի 57 ժողովրրդապետութիւններ, 17 եկեղեցիներ, 224 քահանաներ, 125 եղբայրներ եւ աւելի քան 950 կրօնաւորուհիներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.