2012-01-23 13:23:20

Մարաշի Աղէտին 92-ամեակը։


Ս. Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Նոր Մարաշի երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ (Պէյրութ)։
Մարաշի աղէտին 92-րդ տարելիցին առիթով, կիրակի, 22 յունուարին՝ Նոր Մարաշի երեք յարանուանութեանց եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցաւ պաշտամունք եւ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ ու հոգեհանգստեան պաշտօն` մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Ղեւոնդ քհնյ. Լոշխաճեան, իսկ հաւատացեալ ժողովուրդին իր պատգամը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն Վարդան աբղյ. Թաշճեան. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` մարաշցի հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար:
Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ օրուան պատգամը փոխանցեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. դոկտ. Մկրտիչ Գարակէօզեան: Իսկ Հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. Պատարագ մատոյց եւ հոգեհանգստեան պաշտօնը կատարեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետը՝ գերյ. Հ. Սարգիս Ծ. Վրդ Դաւիթեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.