2012-01-22 12:32:04

Ռատիօ Վատիկանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի առթիւ Ճանչնանք Ձայնասփիւռի այլ Հաղորդումները։
Փորթուկալական Յայտարգիրը։


Փորթուկալական յայտարգիրը սկիզբ առած է 1948ին եւ առաջին շրջանին յայտագրի խմբագրական կազմը սերտ համագործակցութիւն ունեցած է Փորթուկալի <<լրատուական միջոցներու ազգային քարտուղարին>> հետ։ Համագործակցութիւն մը որ յաճախ ընդհատումներու ենթարկուեցաւ Փորթուկալի կառավարութեան` Սուրբ Աթոռի նկատմամբ անհամաձայն քաղաքական դիրքորոշումներու հետեւանքով։
Փորդուկալական յայտագիրը իր գառունը վայելեց 80ական թուականներուն երջանկայիշատակ ՅՊԲ օրով տրուած ըլլալով նաեւ որ Սրբազան Քահանայապետը իր ճառերուն ու քարոզներուն ընթացքին յաճախակիօրէն կը գործածեր Փորթուկալական լեզուն։

Այն օրերեուն է որ ամրապնդուեցաւ նաեւ համագործակցութիւնը ազգային Ռատիոկայանի հետ որ կը վերասփռեր Ռատիովատիկանի յայտագիրները առիթ ընածայելով շատերուն ունկնդրելու Սուրբ Աթոռի տեղեկութիւնները եւ Սրբազան Քահանայապետին վարդապետութիւնը։

Փորթուկալական յայտագիրը ունի նաեւ Ափրիկէի նուիրուած հաղորդում մը որ սկիզբ առած է 1954-ին եւ որ այսօր կը ձայնասփռուի արօրեայ 28 վայրկեան տեւողութեամբ։ Արդիական համացանցային զարգացումին հետ Վատիկանի ձայնասփիւռի յայտագիրները եւս կարելիութիւնը ունեցան հաղորդակցութեան մէջ մտնելու այլազան ունկնդիրներու հետ որոնց շարքին նաեւ ափրիկեան ցամաքամասի մէջ ապրող Փորթուկալ լեզուի ունկնդիրները։
Յայտագիրներու կեդրոնական տեղը կը գրաւեն Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Սուրբ Աթոռի տեղեկութիւնները ու նաեւ Կաթողիկէ Տիեզերական եկեղեցւոյ լուրերը որոնք կը խօսին մարդու արժանապատութիւնը յարգող` կրօնական ազատութիւնը պաշտպանող եւ խաղաղութեան հաստատման ի խնդիր հրատարակուած պատգամներու եւ այս ուղղութեամբ տարուած գործունէութեան մասին։
Փորթուկալական յայտագրի յանձնառումն է ծառայել եկեղեցւոյ ու ըլլալ Սրբազան Քահանայապետին ձայնը ի սփիւռս աշխարհի կապ ու հաղորդակցութիւն հաստատելով Սուրբ Աթոռի հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.