2012-01-22 12:31:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան Աղօթքը։
Յիսուսի Յարութիւնը Հիմանականօրէն Կը Վերանորոգէ Ամէն Անոնք Որ Կը Հաւատան Անոր։


Կիրակի 22 յունուար 2012 կէսօրին իր գրասենեակի պատշգամէն Նորին Սրբութիւնը արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը` Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Աղօթքէն առաջ իր արտասանած ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբթուայ վրայ, հրաւիրելով ամէն հաւատացեալները միանալու Յիսուսի` չարչարանքներու նախօրեակին արտասանած աղօթքին <<Որպէսզի ամէնքը մէկ ըլլան... Որպէսզի աշխարհը հաւատայ>> (Յովհ. 17,21)։
Այս տարուայ մեր խորհրդածութիւնը - ըսաւ Սրբազան Հայրը - առնուած է Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներու ուղղուած թուղթէն <<ամէնքս պիտի վերանորոգուինք մեր Տէր Յիսուս Քրոստոսի յաղթանակով>>։ Կանչուած ենք հիացմունքով նայելու Քրիստոսի յաղթանակին ընդդէմ մահուան ու մեղքին` այսինքն Յարութեան. այն դէպքին որ հիմանականօրէն կը վերանորոգէ ամէն անոնք որ կը հաւատան Քրիստոսի եւ որոնց առջեւ Ան կը բանայ յաւիտենական կեանքը եւ անմահութիւնը։
ճանչնալ եւ ընդունիլ Յիսուս Քրիստոսի այս հաւատքի վերանորոգիչ ույժը նեցուկ մըն է քրիստոնեաներուն իրենց միութիւնը փնտռող ուղեւորութեան ընթացքին - նշեց Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը - ու ապա անդրադարձաւ Միութեան շաբթուայ խորհրդածութիւններու նիւթը պատրաստող Լեհ յանձնախումբին` մատնանշելով Լեհաստանի եւ Լեհ ժողովուրդի քաջութեան ու հաւատքի հանդէպ հաւատարմութեան եւ հաստատելով որ միութիւնը կու գայ Աստուծմէ եւ կը պահանջէ առօրեայ յանձնառում մէկը միւսին հանդէպ ողորմութեան ու սիրոյ ճամբով ընթանալու։
Իր խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները մասնակցելու Քրիստոնեաներու Միութեան Շաբթուայ եզրափակիչ` ժամասացութեան արարողութեան, որ պիտի կատարուի յառաջիկայ 25 յունուարին Հռոմի Սուրբ Պօղոս առաքեալի անուան Պազիլիքայի մէջ, անոր դարձի գալու տօնին առթիւ եւ որուն ընթացքին ներկայ պիտի գտնուին նաեւ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ ի նշան համամիութեան ։
Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքէն ետք Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, իր խօսքին մէջ յատուկէն շնորհաւորելով այն երկիրները որ այս շրջանին կը տօնեն Նոր Տարին (ինչպէս Չինաստանը) մաղթելով որ ամանորը ըլլայ արդարութեան եւ խաղաղութեան տարի մը ու սփոփանք տայ տարապողներուն եւ նա մանաւանդ նոր յոյս ներշնջէ երիտասարդներուն ու համայն աշխարհին։
Ապա մաղթելով բոլորին բարի կիրակի մը տուաւ իր Հայրական Օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.