2012-01-22 12:31:51

Լուրտի Տիրամօր Երեւումներու ճանաչման 150-ամեակը։


՜՜Սերտ կապ գոյութիւն ունի Աստուածամօր երեւման ու տեղի ունեցող Բուժումներու միջեւ՝՝
150 տարի առաջ 18 Յունուար 1862-ին՝ Թարպի առաջնորդը՝ Պերթրան-Սէվէր Լորանս եպիսկոպոսը, պաշտօնապէս ճանչցած էր Լուրտի Սրբավայրի մէջ Տիրամօր երեւումները։
Լուրտի Տիրամօր երեւումներու 150-րդ տարեդարձին առթիւ, 18 յունուար 2012ին, Թարպի թեմի առաջնորդը գերապայծառ Ժագ Բեռիէ Ս. պատարագ մատոյց է Անարատ Յղութեան նուիրուած տաճարին մէջ։
Նաեւ՝ գերապայծառ Բէրրիէ կը պատմէ Լուրտի Տիրամօր Երեւումներուն դէպքը Սրբավայրերու համացանցի կայքէջին մէջ հաղորդագրութեամբ մը՝ լոյս տեսած՝ 10 Յունուար 2012-ին. ՜՜ Գերապայծառ Լորանս (այդ օրերու Թարպի առաջնորդը) 18 Յունուար 1862-ին՝ կը գրէր . ՜՜ Կը հաւատանք ու կը հաստատենք որ Անարատ Յղացեալը՝ Աստուածամայրը իրապէս երեւցաւ Պերնատէթ Սուպիրիուսին 11 փետրուար 1858-ին ապա շարունակեց երեւնալ 18 անգամներ ալ, Մասսապիէլի քարայրին մէջ, Լուրտ քաղաքի մօտիկ։
Արդարեւ Գերապայծառ Լորանս 1858-ի յուլիսին յանձնախումբ մը կազմած էր որուն մաս կը կազմէին գիտնականներ, քահանաներ, բժիշկներ եւ բարեպաշտ անձեր։ Անոնք հարցաքննած են Պերնատէթը՝ փոքրիկ գեղջկուհին՝ քննած նաեւ անոր մտային առողջութիւնը, ապա հաստատած որ Պերնատէթ մտքով առողջ է ու իր խօսքերը ճշմարիտ, եւ դէպքը՝ այսինքն երեւումները իրական են։ Որմէ ետք Գերապայծառ Լորանս յայտարարութեամբ մը հաստատած էր որ Տիրամօր Երեւումները ունին աստուածային միջնորդութիւն։
Այս յայտարարութեամբ առաջնորդը կը թոյլատրէ ուխտագնացութիւնները. սկիզբ կառնէ Անարատ Յղացեալի նուիրուած պազիլիքայի շինարարութիւնները. պատասխանելով այսպէս Տիրամօր երկու խնդրանքներուն զոր կատարեց Պերնատէթին. որ է՜՜ Գնա ըսէ քահանաներու որ թափօրով հոս գան եւ հոս մատուռ մը կառուցեն՝՝ ։
Նշենք որ Լուրտի Տիրամօր սրբավայրը 2010ին ուխտի եկած են աւելի քան 6 միլիոն ուխտաւորներ։ Երեւումներէն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած ու ներկայացուած եօթը հազար բուժումներէն, եկեղեցին պաշտօնապէս ճանչցած է 67 հրաշքով բժշկուած պարագաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.