2012-01-21 13:23:53

Պենետիկտոս ԺԶ. Հրաւիրեց Նէօ-գաթէգումենալ Շարժումը Ապրելու Եկեղեցական Խոր Եւ Սերտ Հաղորդակցութիւն, Միութիւն Եւ Ներդաշնակութիւն։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ուրբաթ 20 յունուարին` Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Նէօ-գաթէգումենալ Շարժումի 7000 անդամներուն։
Հանդիպումը կը զուգադիպէր Սուրբ Աթոռի կողմէ Նէօ-գաթէքումենալ շարժումի ծիսակատարութիւններու Վաւերացումին։
Իր արտասանած ճառին մէջ ,Սրբազան Հայրը ըսաւ <<ձեր ներկայութիւնը այսօր վկայութիւնն է ձեր հաւատքի ուրախ յանձնառումին եւ հաղորդակցութեան եկեղեցւոյ եւ Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ, ըլլալու նաեւ Աւետարանի համարձակ աւետարանիչները։
Սրբազան Հայրը ապա ողջունեց Նէօ-գաթէքումենալ Շարժումի յանձնառումը ի սպաս <<Յարուցեալ Քրիստոսի Քարոզչութեան>> հրաւիրելով շարժումի անդամները աւելի սերտ հաղորդակցութիւն հաստատելու Սրբազան Հօր, Հռոմի եւ Եպիսկոպոսներուն հետ։ << Ձեր արժանաւոր աշխատանքին մէջ փնտռեցէք միշտ հաղորդակցութիւնը Սուրբ աթոռի ու ձեր հովուապետերուն հետ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - եւ ապա հայցեց <<Եկեղեցական Միութիւն եւ Ներդաշնակութիւն>>։ Անդրադառնալով ապա Սուրբ Հաղորդութեան արարողութեան, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց որ <<ամէն արարողութիւն բաց պէտք է ըլլայ, բոլոր անոնց՝ որ կը պատկանին եկեղեցւոյ>> ընդգծելով սուրբ պատարագի հրապարակային բնոյթը եւ խնդրելով շարժումի անդամներէն որ չառանձնանան եւ չհեռանան իրենց ժողովրդապետութիւններէն, հաւատարմաբար հետեւելով՝ ծիսամատեաններու պարունակութիւններուն։
Սրբազան Քահանայապետը ապա իր խօսքը ուղղեց ընտանիքներուն, ու մանաւանդ այն ընտանիքներուն որոնք պիտի մեկնին "Ad gentes", առաքեալութեան։
Սիրելի ընտանիքներ, ըսաւ Սրբազան Հայրը, եկեղեցին ձեզի երախտապարտ է, ու ապա օրհնեց 17 քահանաները որոնք պիտի ընկերանան ընտանիքներու առաքելութեան՝ աշխարհի 17 վայրերու մէջ , որոնցմէ 12-ը եւրոպա` 4-ը Միացեալ Նահանգներ ու մէկը Ափրիկէ։
Նշենք որ ամէն առաքելութիւն կազմուած է 3 կամ 4 ընտանիքներէ՝ որոնք քահանայի մը առաջնորդութեամբ՝ կ՛որոշեն ապրիլ ապաքրիտոնէացած շրջանի մը մէջ, կամ այն վայրերը ուր Աւետարանը տակաւին չէ հռչակուած։
Նէօգաթէքումենալ շարժումը սկիզբ առած է 60ական թուականներուն Մատրիտի մէջ Գիգօ Արկուէյօ-ի նախաձեռնութեամբ՝ որուն կը հետեւի Գարմէն Հերնանտէզը ու ապա իտալացի Մարիօ Բէցցի Քահանան, որոնք այսօր կը կազմեն այս շարժումի բարձրագոյն մարմինը։ Նէօգաթէքումենալ շարժումը այսօր աշխարհի մէջ ունի աւելի քան 40 հազար հասարակութիւն 900 ժողովրդապետութիւններու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.