2012-01-21 13:25:53

2012՝ Հայ Գիրքի Տարի Հռչակուած Արամ Ա. Կաթողիկոսէն։


Վեհափառը իր ուղղած պատգամին մէջ կը գրէ.
՜՜Ինչպէս ծանօթ է ձեզի, 2006ին Հայ Գրերու Գիւտին 1600ամեակը համազգային տարողութեամբ նշուեցաւ։ Եւ որպէս բնական հետեւում այս կարեւոր դէպքին, 2007 տարեշրջանը յայտարարեցինք «Հայ Լեզուի Տարի»։Այս առիթով հայ լեզուն հայ ինքնութեան աղբիւր հռչակած մեր Հայրապետական պատգամին մէջ շեշտեցինք, թէ «հայ լեզուն պէտք է դառնայ աշխարհի բոլոր կողմերը ցրուած մեր ժողովուրդի զաւակներուն ազգային պատկանելիութեան անխորտակելի առանցքը ու միութեան ամուր շաղախը»։Եւ յիշեցնելէ ետք, թէ «հաւատքի ու հայրենիքի կողքին, նաեւ հայ լեզո՛ւն պահեց մեզ, հայ լեզո՛ւն ամրացուց մեր գոյութիւնը, հայ լեզո՛ւն բիւրեղացուց մեր ինքնութիւնը եւ այսօ՛ր ու մի՛շտ, հայ լեզուն է մեր ազգային պայքարին զօրեղ վահանը, մեր միութեան ամուր օղակը, մեր ինքնութեան դրոշմը», կոչ ուղղեցինք՝ ամբողջական յանձնառութեամբ տէր կանգնելու հայ լեզուին, որովհետեւ՝ «առանց հայ լեզուին մեր կեանքը պիտի պարպուի հայ արժէքներէն, սրբութիւններէն ու աւանդութիւններէն, հայու հարազատ էութենէն…»:
2012 թուականը 500ամեակն է հայ լեզուն պահպանելու, պաշտպանելու ու տարածելու կոչուած հայ գիրքի տպագրութեան։
Ներկայ տարին նաեւ Իւնեսքոյի կողմէ՝ Երեւանը հռչակուած է ՜՜Գիրքի Մայրաքաղաք՝՝։ Հետեւաբար, որպէս գործնական արտայայտութիւն մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ յատուկ նշանակութիւն ունեցող յիշեալ դէպքերուն, ինչպէս նաեւ՝ հայ լեզուի ու գիրքի նկատմամբ մեր ժողովուրդի ունեցած բարձրագոյն աստիճանի նախանձախնդրութեան, ներկայ Հայրապետական պատգամով 2012 տարին կը հռչակենք՝ «Հայ Գիրքի Տարի»:
Վստահ ենք, որ մեծ խանդավառութեամբ մեր ժողովուրդի զաւակները պիտի ընդառաջեն մեր այս կոչին եւ իրենց ուշադրութիւնը պիտի կեդրոնացնեն մեր եկեղեցւոյ եւ ազգին էութեան հետ շաղախուած ու պատմութեան հետ նոյնացած հայ գիրքին վրայ։
Արդարեւ, Մաշտոցեան աւանդի հաւատապահ ուխտեալներու Ոսկեդարէն՝ մինչեւ մեր ժամանակները, հայ գիրքը եղաւ ամէնօրեայ աղբիւր լոյսի ու յոյսի, հաւատքի ու իմաստութեան եւ ուղեցոյց ու ճանապարհ քրիստոսակեդրոն եւ հայաօծ կեանքի։
Հետեւաբար, եկէ՛ք, սիրելի հայորդիներ, որպէս խորհրդածութեան եզակի առիթ եւ 2012 տարուան ընթացքին տեղի ունենալիք նախաձեռնութիւններու ընդհանուր ուղեգիծ՝ ծանօթանանք հայ տպագրութեան 500ամեայ ճանապարհի գլխաւոր հանգրուաններուն, եւ տեսնենք, թէ անփոխարինելի ի՛նչ դեր ու կենսական ի՛նչ նշանակութիւն ունի հայ գիրքը մեր ժողովուրդին համար։ Յայտնենք որ 2012 տարին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի կողմէ հռչակուած է որպէս հաւատքի տարի։ Այս առթիւ Սրբազան Հայրը առաքելական թուղթ մը հրապարակած է այս նիւթին մասին ''Հաւատքի դուռը'' վերտառութեամբ։ Հաւատքի դուռը մեզ կ'առաջնորդէ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու եւ առիթ կ'ընծայէ Եկեղեցւոյ մաս կազմելու։ Եկեղեցւոյ դուռը միշտ բաց է համայն մարդկութեան առջեւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.