2012-01-20 12:40:49

Վերջին Տարուան Ընթացքին Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստացած է Շուրջ 30.000 Սփիւռքահայեր։


Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ի տարբերութիւն միւս նախարարներուն, անցեալ տարին ամփոփեց ոչ թէ տարեվերջին, այլ տարեսկզբին` ըսելով, որ նախարարութեան մէջ խախտումներ կամ չարաշոհումներ չեն արձանագրուած:
«Սփիւռքի նախարարութիւնում իրականացուած ստուգումների ժամանակ որեւէ խախտում եւ չարաշահում չի գրանցուել» ( ըսաւ Յակոբեան):
Ապա նախարարը ներկայացուց տարուան կատարած աշխատանքները, որոնցմէ յատկապէս կարեւոր ձեռքբերում համարեց վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ երկքաղաքացիութիւն ստացած մեր հայրենակիցներուն բաւական մեծ թիւը:
«Եթէ մինչեւ 2007-2008 երկքաղաքացիութիւն էր ստացել մօտ 3.000 հայ, ապա երկքաղաքացիների թիւը, յատկապէս վեջին տարում, հասել է շուրջ 30.000-ի» ( ըսաւ ան):
Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ անցեալ տարի նախարարութեան կողմէ իրականացուած ծրագրերը ձեռք բերուած են աւելի մեծ ընդգրկունակութեամբ: «Սփիւռքն այլեւս հայկական իրականութեան մէջ յաւէրժ ներկայութիւն ունի»,- ըսաւ ան` ներկայացնելով իրականացուած բոլոր մեծ ու փոքր աշխատանքները` «Արի Տուն», Սփիւռքի հայկական կրթօճախներու աջակցութիւն, արեւմտահայրերէնի միասնական դասագիրքերու ելեկտրոնային տարբերակներու ստեղծում, ուսուցիչներու վերապատրաստում, մայրենի լեզուի քարոզչութիւն եւ այլն:








All the contents on this site are copyrighted ©.