2012-01-20 12:37:29

Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրուայ Առթիւ Պատգամի Ներկայացում։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 46րդ օրուայ առթիւ յղած պատգամը, <<լռութիւն ու խօսք աւետարանացումի ուղի>> խորագրով, պիտի ներկայացուի յառաջիկայ 24 յունուար 2012-ին` լրագրողներու պաշտպան սուրբին` Ս. ֆրանչէսկոս Տէ Սալէսի տօնին օրը։ Ներկայացումը կը կատարեն Ընկերային Հաղորդակցութեանց Քահանայապետական խորհուրդի նախագահը՝ գերապայծառ Գլաուտիօ Մարիա Չելլի եւ սոյն խորհուրդի քարտուղարը՝ գերապայծառ Բոլ Թիկէ, օգնական քարտուղարը՝ գերապայծառ ճուզեփփէ Անթոնիօ Սգոթթի, եւ ենթաքարտուղարը՝ Անճէլօ Շելցոն։
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Օրը միակ օրն է որ հաստատուած է Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովի կողմէ 1963-ին։
Եւ 1966-ին՝ նշուեցաւ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային Առաջին Օրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.