2012-01-20 12:35:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը ։


Ուրբաթ 20 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 11ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը Գլեմենթինա սրահին մէջ ընդունեց Հռոմի Գաբրանիքա Վարժարանի հասարակութեան 70 անդամները։ Ժամը 11.30-ին՝ Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Նէոգաթէքումենալ շարժումի հասարակութեան 7000 անդամներուն, որուն ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ Վատիկանի վաւերաթուղթի ընթերցումը որուն միջոցաւ վատիկանի կողմէ վաւերացուեցաւ վերոյիշեալ շարժումի ծիսակատարութիւնները։
Յետ միջօրէի ժամը 18ին՝ Սրբազան Հայրը ընդունեց Աւետարանացումի Ժողովի կառավարիչը՝ գերապայծառ ֆերնանտօ ֆիլոնի։


Գաբրանիքա Վարժարանի հասարակութեան անդամներուն ուղղած իր ճարին մէջ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Սրբուհի Ագնէսի նահատակութեան մասին, որուն տօնը պիտի նշուի շաբաթ 21 յունուարին, զայն ներկայացնելով որպէս օրինակ` աշակերտելու Յիսուսին։ Անոր կուսութիւնն ու մարտիրոսութիւնը - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը - մեզի խորհիլ կու տան թէ հաւատքի ճշմարիտ վկայ մը պէտք է ապրի Քրիստոսի համար` Քրիստոսի հետ ու Քրիստոսի մէջ` իր կեանքը փոխակերպելով անձնուիրումի հոգիով։

Քահանաներու կազմաւորումն ալ կը պահանջէ ամբողջականութիւն` հերոսական հաստատակամութիւն եւ հաւատարմութիւն եւ ունենալու է որպէս հիմք հոգւոր զօրաւոր ու հաստատ կեանք մը տոգորուած Աստուծոյ հետ յարաբերութեամբ, ըլլայ անհատական ըլլայ հասարակական գետնի վրայ յատուկ խնամք տանելով ծիսական պաշտամունքներուն եւ խորհուրդներու մատակարարման մասնակցութեամբ։

Խօսքը եզրափակելով Նորին Սրբութիւնը յայտնեց թէ եկեղեցին շատ բաներ կ՛ակնկալէ երիտասարդ քահանաներէն աւետարանացումի եւ վերաւետարանացումի ուղղութեամբ։ Կը քաջալերեմ ձեզ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - որպէսզի ձեր արօրեային մէջ` արմատացած իսկական աւանդութեան գեղեցկութեան մէջ ու խորապէս միացած Քրիստոսի հետ ի վիճակի ըլլաք, ճշմարտութեամբ եւ ուրախութեամբ զայն տանելու ձեր համայնքներուն։ Հուսկ յայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը Սրբազան Հայրը ջամբեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.