2012-01-20 12:40:58

«Հայապահպանութեան Գործին Մէջ Ունեցած Նշանակալի Աւանդին Համար» Մրցանակաբաշխութիւն՝ Սփիւռքի Նախարարութեան Կազմակերպութեամբ :


Յունուար 18ին կայացաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի կազմակերպած «Հայապահպանութեան գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդին համար» համահայկական 2011ի մրցանակաբաշխութեան յաղթողներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ըստ Սփիւռքի նախարարութեան հաղորդագրութեան` արարողութեան ներկայ էին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Համաշխարհային հայկական քոնկրեսի փոխնախագահներ Արամ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Աղայեան, գիտնականներ, դասախօսներ, լրագրողներ եւ այլք:
Մրցանակաբաշխութեան նպատակն է խրախուսել Սփիւռքի համայնքներուն մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանումն ու զարգացումը, գնահատել ռազմավարական այս գործին մէջ կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ունեցած ներդրումը:








All the contents on this site are copyrighted ©.