2012-01-19 13:51:29

Քրիստոնեաներու Աղօթքի Միութեան Շաբթուան Ընթացքին Ցուցահանդէս՝ Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովին Մասին։


Յունուար 18-25 աշխարհի բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են աղօթելու՝ եկեղեցիներու միութեան համար։ Այս տարուայ խորհրդածութեան գլխաւոր նիւթը ներշնչուած է Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած սա խօսքէն ''ամէնքս պիտի բարեփոխուինք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակով''։ Ինչպէս աւանդութիւնը կ'ուզէ՝ Քրիստոնեաներու աղօթքի միութեան շաբթուան վերջին օրը (25 յունուարին) տօն Պօղոս առաքեալի դարձին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը աղօթքի շաբաթը կ'եզրափակէ երեկոյեան ժամասացութեամբ Պօղոս առաքեալի անուան պազելիքային մէջ։
Ծիսակատարութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը կատարէ բացումը ցուցահանդէսին, նուիրուած՝ ''Վատիկանեան Բ Տիեզերական Ժողովը'' նիւթին ։
Նշենք որ 25 յունուար 1959ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս 23-րդ քահանայապետը պաշտօնապէս յայտնած է իր կամքը տիեզերական ժողովի գումարման։
Ցուցահանդէսին, որ բաց կը մնայ մինչեւ հաւատքի տարւոյն փակումը այսինքն 24 նոյեմբեր 2013) կը մասնակցին Անկլիգան եւ Օրթոտոքս իշխանութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.