2012-01-19 13:50:27

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Հինգշաբթի 19 յունուար 2012, առաւօտեան ժամը 11-ին՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ, ու ապա Գոնչիսթորօ սրահին մէջ, ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասէն շարք մը Կաթողիկէ եպիսկոպոսներ՝ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12ին Պնետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ունկնրդրութիւն շնորհեց ֆինլանտայէն 8 հոգիէ բաղկացած՝ Լուտերական Եկեղեցւոյ Էքիւմէնիք պատուիրակութեան մը։ Նշենք որ պատուիրակութեան այցելութիւնը կը կատարոււի ամէն տարի Սուրբ Էնրիկոսի տօնին առթիւ։
Սրբազան Հայրը, Միացեալ նահանգներու եպիսկոպոսներուն ուղղած իր ճառին մէջ, մատնանշած է թէ՝ Եկեղեցին կանչուած է Միացեալ Նահագներու մէջ հռչակելու Աւետարանը ոչ որպէս առաջարկ մը բարոյական ճշմարտութիւններու, այլեւ՝ որպէս բանալի մարդկային երջանկութեան եւ հասարակական բարգաւաճումին։
Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Ամերիկայի եկեղեցւոյ հրատապ հարցերուն ու հրաւիրեց եպիսկոպոսները նորոգելու եկեղեցւոյ ներկայութիւնը նոր աւետարանութեան գծով , անոնց ուղադրութիւնը հրաւիրելով՝ մանաւանդ նոր սերունդին հանդէպ։
Իսկ ֆինլանտայի Լուտերենական Եկեղեցւոյ Էգումէնիք Պատուիրակութեան ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ՝ ինչպէս այս այցելութիւնները կ՛ամրապնդեն մեր բարեկամական կապերը եւ եկեղեցիներու միջեւ հաղորդութիւնը, ապա անդրադարձաւ Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ու Կաթողիկէ Լուտերական եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն, եւ հրաւիրեց ներկաները շնորհակալութիւն յայտներու Աստուծոյ այն ամէն պարգեւներուն որ մեզի տուաւ ։ Աղօթենք Անոր, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, որ մեզի պարգեւէ Ճշմարտութեան հոգին, որ առաջնորդէ մեր քայլերը դէպի ՜՜միշտ աւելի Մեծ Սէր ու Միութիւն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.