2012-01-19 13:49:15

Հայազգի Գեղանկարիչ ՌոզՎարդ Սիսեռեանի Գործերու Ցուցահանդէս։


Լիբանան- Համազգայինի ,Լիւսի Թիւթիւնճեանե ցուցասրահին մէջ, չորեքշաբթի, 18 յունուարին, բացման հանդիսութիւնը կատարուեցաւ գեղանկարիչ ՌոզՎարդ Սիսեռեանի իւղաներկ եւ աքրիլիք գործերու ցուցահանդէսին. ներկայութեամբ՝ արուեստագէտ եւ արուեստասէր հասարակութեան:
Բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի ՜՜Վահէ Սէթեան՝՝ տպարանի եւ հրատարակչատան տնօրէն՝ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ ՌոզՎարդ Սիսեռեան շուրջ քառասուն տարիներ իր արուեստով վարակած է մշակութային միջավայրը, եւ աւելցուց թէ՝ արուեստագէտը ուզած է արուեստին ընդմէջէն կատարել մարդկային ծառայութիւն, եւ երբ իմացած է ,Կեանք մը փրկենքե ֆոնտին մասին, ուզած է մասնակցիլ բարեսիրական աշխատանքին, եւ ունենալ իր ներդրումը. արդ՝ այս ցուցահանդէսին հասոյթը ան կը տրամադրէ ,Կեանք մը փրկենքե ֆոնտին։
Ապա խօսք առաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ մեծապէս գնահատեց արուեստագէտ ՌոզՎարդ Սիսեռեանը ու անոր գործերը եւ Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին գործունէութիւնը նաեւ ՜՜Կեանք մը փրկենք՝՝ ֆոնտին օժանդակութիւն տրամադրելը։
Իր կարգին, խօսք առաւ գեղանկարիչ՝ ՌոզՎարդ Սիսեռեան, որ յայտնեց, որ յառաջիկային այլ առիթներու եւ միջոցներու ճամբով ալ կրնայ իրականացնել այլ բարեսիրական եւ մարդասիրական աշխատանքներ, որոնք նեցուկ կը կանգնին կարիքաւորներուն:
Ցուցահանդէսին՝ ՌոզՎարդ Սիսեռեան ցուցադրած էր 43 գեղանկարներ, հետեւեալ թեմաներով ՜՜Բարեկենդան՝՝ , ՜՜Լոյսի գոյներ՝՝, ՜՜Կեանքի ծառը՝՝, ՜՜Ձիթապտուղի ծառը՝՝ եւ ՜՜Մեծմայրը)): Ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 25 յունուար 2012։








All the contents on this site are copyrighted ©.