2012-01-19 13:49:05

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Պատրիարքին Մահուան Ա. Տարելիցի Առթիւ Ս. Պատարագ. Պուէնոս Այրէսի Մէջ։


Կիրակի, 22 յունուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 11-ին, Պուէնոս Այրէսի հայ կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ, Արհիապատիւ Վարդան Եպ. Պօղոսեան՝ առաջնորդը Լատին Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց թեմին, հանդիսաւոր Ս. պատարագով ու հոգեհանգստեան պաշտօնով պիտի յիշատակէ՝ երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքին մահուան Ա. տարելիցը։
Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ.Գասպարեան ողբացեալ պատրիարքը ծնած էր՝ 20 Յունուար 1927ին եւ մահկանացուն կնքած՝ 16 յունուար 2011ին։









All the contents on this site are copyrighted ©.