2012-01-19 13:49:32

Արհի. Վարդան Եպ. Աշգարեանի Հրաժեշտի Այցելութիւնը ՜՜Ազդակի՝՝ Խմբագրատուն։


Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդը՝ արհի. Վարդան եպս Աշգարեան, հրաժեշտի այցելութիւն կատարեց ՜՜Ազդակ՝՝ի խմբագրատուն, եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեան հետ։
Գերապայծառ Աշգարեան երկար տարիներ Պէյրութի հայ գաղութին մէջ հոգեւոր, կրթական, մշակութային, մամլոյ եւ հրատարակչական աշխատանքներ կատարած է եւ այժմ կը մեկնի Վիեննա, այնտեղ եւս՝ Մխիթարեան միաբանութեան ուխտին հետ շարունակելու համար ՜՜հայ գիրի ու գրականութեան՝՝ նուիրուած՝ աշխատանքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.