2012-01-18 11:41:55

Էջ Մը Հայ Մատենագրութենէն։
ՄԱՐԻԲԱՍ ԿԱՏԻՆԱ (Մարիբաս Իմաստունը)։


Կար ժամանակ երբ Քաղդէացիները կ՚իշխէին արեւելեան աշխարհի վրայ։ Նինուէ կը կոչուէր իրենց հզօր մայրաքաղաքը եւ անծայրածիր էր իրենց թագաւորութիւնը։Սակայն հասաւ մեծն Աղեքսանդր եւ Քրիստոսէ առաջ 330 թուին տիրացաւ ամբողջ արեւելեան աշխարհին, եւ տապալեց բոլոր թագաւորութիւնները։ Բաբելոնը եւ Նինուէն դարձան թափուր գահեր մինչեւ որ Արշակ Ա.1Պարթեւներու թագաւորը տիրացաւ այդ երկիրներուն եւ հաստատեց Արշակունիներու իշխանութիւնը Պարսկաստանի ու Ասորեստանի վրայ միանգամայն։
Այս Արշակը` Քրիստոսէ առաջ մօտ 150 թուին` իր եղբօր` Վաղարշակի յանձնեց Հայաստանի թագաւորութիւնը`որ թափուր մնացած էր Վահէ արտաշէսեան տոհմի վերջին թագաւորի մահուընէ ետք` յետ քաջարի պատերազմ մղելու Մեծն Աղեքսանդրի զօրքերուն դէմ։Ահա վերջապէս` գրեթէ մէկուկէս դար ուրիշ ազգերու իշխանութեան տակ մնալէ ետք` կը վերականգնէր Հայոց թագաւորութիւնը նոր տոհմով` Արշակունեաց հարստութեամբ` շնորհիւ Պարթեւներու։Երբ Վաղարշակ սկսաւ թագաւորել իրեն բաժին ինկած Հայաստանի վրայ` տեսնելով այս ազգին քաջութիւնն ու խելացութիւնը` հիացաւ անոնց վրայ եւ ուզեց անպայման գիտնալ թէ ուրկէ ծագում առած էին Հայերը։
Այդ պատճառաւ գտաւ Ասորի իմաստուն անձ մը` Մարիբաս կամ Մար Աբաս Կատինա (Կատինա կը նշանակէ իմաստուն ) եւ զինք ուղարկեց իր եղբօր Արշակ թագաւորի մօտ` որ Նինուէի մէջ հաստատած էր իր թագաւորական աթոռը` որպէսզի այդ մեծ քաղաքի թագաւորական դիւաններուն մէջ փնտռէ Հայ ազգին պատմութիւնը։Մարիբաս կը գտնէ թանկարժէք գիրք մը որ բոլոր ազգերու պատմութիւնը կը պարունակէր` ի միջի այլոց` նաեւ Հայերունը` Մեծն Աղեքսանդրի հրամանով թարգմանուած քաղդէական լեզուէ` յունարէնի։Գրքի նախաբանը կը կրէ հետեւեալ գրութիւնը. ՙԱյս մատեանը հրամանաւ Աղեքսանդրի` ի քադէացւոց բարբառոյ փոխեալ ի յոյնն` որ ունի բուն հնոց եւ նախնեացն բանս։ՙ Անմիջապէս գործի կը լծուի ու կ՚ընթօրինակէ Հայերու պատմութեան ու ծագման մասին գրութիւնները` որոնք կը սկսին Բաբելոնի աշտարակի շինութենէն եւ կը վերջանան Հայկի պատերամով Բէլի դէմ։
Մարիբաս կը շարունակէ պատմութիւնը եւ զայն կը հասցնէ մինչեւ Մեծն Աղեքսանդր եւ իր ասորերէն լեզուով կատարած գրութիւնը կը բերէ Հաաստան` մեծ ուրախութիւն պատճառելով Հայոց Վաղարշակ թագաւորին եւ արքունի իշխաններուն։Անսգիուտ գանձի մը պէս կը պահուի Մարիբասի պատմութեան գիրքը։Սակայն դժբախտաբար այդ գրութիւնը մեզի չէ հասած։Մովսէս Խորենացին է դարձեալ որ այդ պատմութենէն մի քանի կտորներ տալով` ազատած է զայն ամբողջական կորուստէ։
Ենդհանրապէս Մարիբասի բերած պատմութենէն օգտուած են մեր բոլոր պատմագիրները` ուստի եւ կարելի չէ սեպել զայն որպէս առասպել` մանաւանդ որ մեր ժողովուրդը պահած է միշտ իր դիւցազներու անունները` Հայկ, Թորգոմ, Արմենակ, Յաբեթ, եւայլն։Խորենացի կը բաղդատէ այս գրութիւնը ուրիշ անգիր պատմութիւններու հետ, յունարէն կամ այլ լեզուներու եւ հակասութիւն չի տեսներ անոնց միջեւ. մանաւանդ թէ նոյն պատմութիւնը նաեւ ուրիշներ կը պատմեն։
Վիքթոր Լանկլուա ` ֆրանսացի պատմագէտը, ամփոփած է Խորենացիի մէջ յիշուած կտորները Մարիբասի պատմութեան եւ առանձին գրութեամբ հրատարակած` ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։Մօտ 30 գլուխներու մէջ ամփոփուած է այդ պատմութիւնը։
Հայկ` Թորգոմի որդին, կը սերի Նոյ Նահապետէն, այսինքն անոր Յաբեթ որդւոյն սերունդէն. երբեմն այս վերջինին անունը կ՚աղաւաղուի, դառնալով Յապետոսթ` իսկ Վահէ թագաւորը` Քրիստոսէ առաջ Դ. դարուն` վերջին ներկաացուցիչն է Հայկի եւ Հայկազնեան ցեղէն սերած թագաուորներուն։ Խորենացին անշուշտ իր ընտիր ու մաքուր հայերէնով կը թարգմանէ Մարիբասի ասորերէն գրութիւնները, ուստի կարելի չէ արտայայտուիլ ոճի, ճաշակի կամ լեզուի հմտութեան մասին, սակայն հաւանաբար Մարիբաս շատ մաքուր ասորերէնով գրած է, ինչ որ մասամբ դիւրացուցած է Խորենացիի թարգմանութիւնը։
Սական բանասէրներէն ոմանք կը դասեն Մարիբասը քրիսոնէական շրջանի մէջ, թերեւս Բ. դարու հեղինակ` հիմնուելով իր անունին վրայ, որ կը կրէ Մար մակդիրը եւ որ կը տրուէր ասորի քրիստոնեայ եպիսկոպոսներուն։Կ՚ըսեն թէ ան գրած ըլլայ արեւելեան ազգերու պատմութիւն մը, որմէ օգտուած ըլլայ Խորենացին։Սական տարօրինակ կը թուի որ քրիստոնեայ հեղինակ մը պատմութեան գիրք մը գրած ըլլայ այդ շրջանին` ուր որեւէ ակնարկ չըլլայ Քրիստոսի ու անոր հաւատքին մասին, մանաւանդ, յիշելէ ետք Ս. Գրքի Հին Կտակարանի պատմութիւնը կրնար շատ լաւ հասնիլ մինչեւ Քրիստոս ու անոր գալուստը աշխարհ։Դժբախտաբար չունինք հարազատ բնագիրը որպէսզի կարենանք լեզուական քննութիւն մը կատարել։ Եւ ինչ կը կորսնցնենք եթէ հաւատք ընծայենք մեր աննման Խորենացիին` իրեն պէս սքանչանալով Մարիբասի գտած եւ Հաաստան բերած հայ դիուցազներու պատմութեան վրայ։
Պէտք ենք խոստովանիլ որ մեր բոլոր մանկութիւնը օրօրուած է Հայկ Դիւցազի եւ իր հերոս որդիներու պատմութեամբ։Ահա իսկական աղբիւրը սոյն պատմութեան, Մարիբաս Կատինայի պատմագրութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.