2012-01-18 14:04:57

Զուիցերիոյ Սէան Կալ Թեմի Առաջնորդը Կը Խրախուսէ Հաւատացեալները Խօսելու Հաւատքի Մասին։


Քրիստոնեան կաչնուած է վկայելու հաւատքը ներկայ ընկերութեան մէջ։
Գերապայծառ Մարքուս Պիւշէլ՝ առաջնորդը Սէան Կալ թեմին, իր տարեկան հովուական թուղթին մէջ, կը հրաւիրէ թեմի քրիստոնեաները, երկխօսութիւն հաստատելու՝ ներկայ ընկերութեան հետ. խօսելով՝ իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու ապրումներուն մասին։ Քրիստոնեան պէտք է պատրաստ ըլլայ երկխօսութիւն հաստատելու բոլոր այն անհատներուն հետ որոնք կը հարցադրեն մեր յոյսին մասին։
Առաջնորդը իր հովուական թուղթին մէջ կը յիշեցնէ որ իրլանտացի սուրբ Կալը 612-ին հիմնած է աբբայարանը։ Ան ոչ միայն խօսքով քարոզած է քրիստոնէական հաւատքը այլ եւ ապրումով վկայութիւն տուած է իր հաւատքին։
Ապա եպիսկոպոսը կը յիշեցնէ որ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը հռչակած է նոր աւետարանութեան տարի մը՝ որ պէտք է ըլլայ Եկեղեցւոյ ու բոլոր հաւատացեալներու կեդրոնական մտահոգութիւնը, յառաջիկայ տարիներուն համար։
Յայտնենք որ 2012 հոկտեմբեր 7-28 աշխարհի չորս կողմերէն եկած եպիսկոպոսները Հռոմ պիտի հաւաքուին գումարելու եպիսկոպոսական սիւնհոդոսը եւ որուն նիւթն է ''Նոր Աւետարանութիւնը Քրիստոնէական Հաւատքին Հաղորդումին Համար''։
Եկեղեցւոյ հիմնական կոչումն ու առաքելութիւնն է՝ աւետել մարդոց որ Քրիստոս աշխարհի Փրկիչն է








All the contents on this site are copyrighted ©.