2012-01-17 13:51:23

Հայազգի Դատաւոր Արման Արապեանի Հատորի Ներկայացում «Արարատ Տան» Մէջ


ՄԻՇԸՆ ՀԻԼԶ, Քալիֆորնիա.- Կիրակի, Յունուար 15ի յետմիջօրէին, «Արարատ տան» «Էսքիճեան» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ դատաւոր Արման Արապեանի ինքնակենսագրական նոր հրատարակած հատորին՝ «From the Gravel to the Gavel»ի ներկայացումը հանրութեան։ Արման Արապեան անդրանիկ զաւակն է Հայկական Ցեղասպանութենէն վերապրած ամոլի մը եւ ծնած է Նիւ Եորք: Ան իր իրաւաբանական վկայականը ստացած է «Պոսթըն» համալսարանի իրաւաբանութեան վարժարանէն, 1961ին, որմէ ետք ան նշանակուած է Լոս Անճելըսի շրջանային դատախազի տեղակալ: Հայազգի իրաւաբանը 1972ին, նշանակուած է քաղաքի ատեանի դատաւոր, իսկ մէկ տարի ետք՝ Լոս Անճելըսի գաւառային ատեանի դատաւոր: 1983ին ան Քալիֆորնիոյ վճռաբեկ ատեանի դատաւոր նշանակուած է, իսկ 1990ին՝ նահանգի Գերագոյն ատեանի դատաւոր, որուն անդամակցած է մինչեւ 1996:








All the contents on this site are copyrighted ©.