2012-01-17 13:51:32

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական Պատգամի Ընթերցումով Սկիզբ Առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն:


Կիրակի 15 Յունուարին, Անթիլիասի Մայր Տաճարին մէջ Ս. պատարագի ընթացքին, Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական պատգամի ընթերցումով սկիզբ առաւ ՙՀայ Գիրքի Տարի՚ն:
Արդարեւ Արամ Ա. Կաթողիոսը՝ Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին, ինչպէս նաեւ Եունեսքոյին կողմէ ներկայ տարին Երեւանը գիրքի մայրաքաղաք հռչակուելուն առիթով, 2012 տարին հռչակեց Հայ Գիրքի Տարի:
Իր Հայրապետական Պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ընդհանուր գիծերով ներկայացնելէ ետք՝ 500 տարուայ Հայ Գիրքի երկար ճանապարհը, շեշտը կը դնէ ներկայ ժամանակներու Հայ Գիրքին նկատմամբ մեր ունեցած հաւատարմութիւնը աւելի զօրացնելու հրամայականին վրայ: Հայրապետական պատգամին վերջին բաժնին մէջ Վեհափառ Հայրապետը կոչ կ’ուղղէ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ըսելով.-
ա) Կոչ ուղղել մեր մտաւորականներուն ու գրողներուն՝ որակ ունեցող եւ ոգի ու պատգամ փոխանցող գիրքեր հրատարակել, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները լայնօրէն ըմբոշխնեն հայ գիրքէն ճառագայթող արժէքները:
բ) Յատուկ աշխատանք տանիլ, որպէսզի ունեւոր ազգայիններ օգտակար հանդիսանան հայ գիրքի տպագրութեան՝ մեկենաս դառնալով եւ կամ հրատարակչական հիմնադրամներ հաստատելով:
գ) Քաջալերել, որ հայ ընտանիքներէն ներս հայ գիրքը դառնայ մնայուն ներկայութիւն՝ տնային յատուկ գրադարաններ հաստատելով ու ընթերցանութեան յատուկ կարեւորութիւն տալով:
դ) Գնահատել հրատարակչատուներու կատարած յոյժ կարեւոր աշխատանքը, միաժամանակ յիշեցնելով, որ մատչելի գիներ ճշդելով եւ գործնական միջոցներու դիմելով առաւելագոյն չափով տարածեն հայ գիրքը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:
ե) Հետապնդել, որ մեր դպրոցներէն, կազմակերպութեանց ու համայնքային կեդրոններէն, ինչպէս նաեւ հայաշատ թաղամասերէն ներս գրադարաններ հաստատուին, որպէսզի հայ գիրքին հետ հայ մարդուն մտերմութիւնը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Արամ Ա. կաթողիկոսը, Կիրակի օրը անգամ մը եւս շեշտեց Հայ Գիրքի առանցքային կարեւորութիւնը մեր կեանքէն ներս, ըսելով՝ թէ ՜՜Հայ Գիրքը պէտք է դառնայ մեր սիրելի ընկերը՝ հայ ընտանիքին, հայ դպրոցին, հայ միութեան ու հայ կեանքին մէջ միշտ մնալով պայծառակերպիչ ու հարստացուցիչ ներկայութիւն՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.