2012-01-16 13:15:13

Իրանը Կը Զգուշացնէ Արաբական Ծոցի Երկիրները։


Իրանը Արաբական ծոցի երկիրները զգուշացուց իրանեան քարիւղի ներածման դէմ արգելքի հաստատման պարագային միջազգային շուկային մէջ իրանեան քարիւղի բացակայութիւնը փոխհատուցելու քայլէն:
Իրանեան «Շարք» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՕՓԵՔ-ի մէջ Իրանի ներկայացուցիչը՝ Մոհամետ Ալի Խաթիպի յայտնած է, որ «Պարսից ծոցին մէջ քարիւղ արտածող երկիրները, եթէ իրանեան քարիւղի բացակայութեան բացը գոցելու կանաչ լոյսը տան, պատահելիքին համար իրենք պատասխանատու պիտի ըլլան»:
Իրանեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը՝ Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներ Հորմուզի նեղուցի հարցին շուրջ Իրանին պատգամ մը փոխանցած են:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Ուիլիըմ Հէյկ յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքը անկայունութեան հանգրուան կրնայ մուտք գործել, եթէ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ տագնապը բարդանայ եւ Իրան իր հիւլէական փառամոլութենէն չհրաժարի:








All the contents on this site are copyrighted ©.