2012-01-15 08:59:14

Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Կիրակի 15 Յունուար 2012։ Այսօր կը նշուի “Anglicanorum cœtibus” կոչուած Առաքելական Սահմանադրութեան կողմէ հաստատուած, Մեծն Պրիթանիոյ Անկլիգան եկեղեցիէն` Կաթողիկէ Եկեղեցիին միացող կղերականներու եւ հաւատացեաալներու ի նպաստ հաստատուած Թեմի հիմնադրութեան առաջին տարեդարձը։ Սոյն Թեմին Վիճակաւորն է Անկլիգան նախկին Եպիսկոպոս ու կաթողիկէ քահանայ ձեռնադրուած Հայր Գէյթ Նիւթոնը, մինչ թեմին պաշտպան Սուրբն է Երանելի Ճոն Հէնրի Նիւման-ը։
Այս առաջին տարեդարձին առթիւ յառաջիկայ 19-25 փետրուար խումբ մը քահանաներ ու հաւատացեալներ իրենց եպիսկոպոսի առաջնորդութեամբ ուխտագնացութեան պիտի գան Հռոմ` շնորհակալութիւն յայտնելու Սրբազան Հօր ,քանի ընդարաջեց Թեմի հաստատման խնդրանքին ։ Անգլիացի ուխատւորները ապա ներկայ պիտի գտնուին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ ընդհանուր ունկնդրութեան։

Յիշենք նաեւ որ այսօր Գերմանիոյ եկեղեցին կը նշէ ՝՝Ընտանիքի Կիրակին՝՝ որ այս տարի ունի որպէս նիւթ <<Պսակ եւ Ընտանիք։ Ապրիլ սէրը մէկը միւսին համար։>>








All the contents on this site are copyrighted ©.