2012-01-15 09:00:08

Հայաստանը Աշխարհի «Երջանիկ Երկիրներ»ու Ցանկին Վրայ։


«Կալըփ» միջազգային ընկերակցութիւնը հրապարակած է «Երջանկութեան համաշխարհային յարաչափ- 2011» խորագիրը կրող ցուցակը, որուն մէջ ընդգրկուած են աշխարհի «ամէնէն երջանիկ» երկիրները: Ըստ «Կալըփ» միջազգային ընկերակցութեան, հեռաձայնային զրոյցի ընդմէջէն կատարուած հարցախոյզին մասնակցած է 52,287 մարդ՝ 58 երկիրներէ: Երջանիկ երկիրներու ցուցակը կը գլխաւորեն Ֆիճին, Զուիցերիան, Սէուտական Արաբիան, Կանան, Պրազիլը։
Հայաստանէն մասնակցած 500 անձերէն 70-ը նշած է, որ ինքզինք երջանիկ կը նկատէ, տասն՝ դժբախտ, 18ը՝ ոչ երջանիկ ոչ դժբախտ, երկուքը՝ չի գիտեր, իսկ 60ը իրենք զիրենք նկատած են «իսկական երջանիկներ»: Վրաստանի մէջ 1000 անձերու շարքին երջանիկներ եւ դժբախտներ չեն եղած: Ռուսիոյ մէջ 1000 հոգիէն 39ը ինքզինք նկատած է երջանիկ, ութը՝ դժբախտ: Ուքրանիոյ մէջ հարցախոյզին մասնակցած 1013 հոգիէն 43ը երջանիկ են, 14ը՝ դժբախտ:








All the contents on this site are copyrighted ©.