2012-01-14 12:20:26

Վատիկանի Թանգարանը 2011-ին Ընդունած Է Աւելի Քան Հինգ Միլիոն Այցելուներ։


Վատիկանի թանգարանի տնօրէնը Անթոնիօ Բաուլուչի, մամնուլին հետ ունեցած ելոյթով՝ յայտնած է որ այս փոքրիկ պետութիւնը 2011-ին ընդունած է աւելի քան հինգ միլիոն այցելուներ, տպաւորիչ թիւ մը՝ երբ ֆիրենցէի՝ օֆիսներու թանգարանները, որ կը համարուի Իտալիոյ ամենէն շատ յաճախուած վայրը, նոյն տարւոյն ընթացքին ընդունած է միայն 1.5 միլիոն այցելուներ։ Եւրոպայի մէջ Վատիկանի թանգարանը կը մրցակցի ֆրանսայի Լուվրի, Անգլիոյ Պրիթիշ Մուզէումի, Ռուսիոյ Սան Պեդերսպուրկի եւ Մատրիտի Բրատոյի թանգարաններու հետ։ Անթոնիօ Բաուլուչի տնօրէնը կը մատնանշէ որ Վատիկանի թանգարանը մեծապէս գնահատուած է իր ունեցած գեղարուեստական մեծ հաւաքածոներուն համար։ Վատիկանի թանգարանը աշխարհի երրորդ տեղը կը գրաւէ Փարիզի, Լուվրի եւ Նիւ Եորքի Մեթրափոլիթանէն ետք։ Տնօրէնը կը թուէ պատճառը այդ գնահատումին. այն է՝ հաւաքածոներու արժէքը, մթնոլորտին քաշողականութիւնը, հիւրընկալութեան որակը եւ ընծայուած սպասարկութեան արուեստագիտութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.