2012-01-14 12:59:28

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութիւնը Թուրքիոյ Կառավարութենէն Կը Պահանջէ Հայ Համայնքին Վերադարձնել Պոլսոյ՝ Սանսարեան Խանը ։


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան 1859ին ճարտարապետ Յովսէփ Ազնաւորուի կողմէ կառուցուած Սանսարեան Խանը (իջեւանատուն) հայ համայնքին վերադարձնելու համար՝ դատական հայց ներկայացուցած է:

1944-էն ի վեր սոյն շէնքը ( պատկանելով Թուրքիոյ կառավարութեան) տարբեր նպատակներով օգտագործուած է, իբրեւ ոստիկանութեան բաժանմունք, դատարան, փաստաբանական գրասենեակ:
«Կ՛ուզենք, որ կառավարութիւնը բարի կամք դրսեւորէ եւ ինչպէս որ Յոյներու Պատրիարքարանին վերադարձուց Յոյներու Որբանոցը, այդպէս ալ թող մեզի վերադարձնէ Սանսարեան Խանը», ըսած է Աթեշեան Սրբազան-ը:








All the contents on this site are copyrighted ©.