2012-01-14 13:00:18

Հայագիտութեան Զարգացման Հայեցակարգ Մշակուած Է։


Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած է հայագիտութեան զարգացման հայեցակարգը, ուր հայագիտութիւնը բնորոշուած է իբրեւ գիտութիւններու համակարգ, որ կ՛ուսումնասիրէ հայոց լեզուն եւ գրականութիւնը, պատմութիւնը, հայ ժողովուրդի նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթը:
Հայագիտութեան զարգացումը յատկապէս կարեւոր կը նկատուի Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ամրապնդելու իմաստով:
Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի 2012-15 իրականացնել շարք մը ծրագիրներ, ինչպէս՝ հիմնել «Բանբեր հայագիտութեան» հնգալեզու պարբերական, ստեղծել հայագիտական հաստատութիւններու համագործակցութիւնը կազմակերպող գիտական խորհուրդ, ստեղծել հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամ: Նախաձեռնութիւններ կան նաեւ գրաբարի, սեպագիր քաղաքակրթութիւններու եւ մեռած լեզուներու՝ լատիներէնի, հին յունարէնի, հին վրացերէնի, օսմաներէնի, ինչպէս նաեւ պարսկերէնի, արաբերէնի, թրքերէնի, ժամանակակից վրացերէնի եւ ատրպէյճաներէնի ուսումնասիրման, հայագիտական սկզբնաղբիւրներու թուայնացման, ելեկտրոնային միջոցներու ստեղծման եւ շահագործման վերաբերող։








All the contents on this site are copyrighted ©.