2012-01-13 12:52:04

Քահանայապետական Անուանում


Գերապայծառ Լորէնցօ Պալտիսսըրին Եպիսկոպոսներու Ժողովի Քարտուղար Անուանուած Է ։
Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պրազիլի մօտ առաքելական դեսպան Գերապայածռ Լորէնցօ Պալտիսսըրին անուանած է որպէս եպիսկոպոսներու ժողովի քարտուղար։ 70-ամեայ եկեղեցականը դարձաւ այս կարեւոր ժողովին երկրորդ անձնաւորութիւնը, որուն կառավարիչն է կարտինալ Մարք Ուէլլէն։
Գերապայծառ Պալտիսսըրին կը յաջորդէ ապագայ կարտինալ Մանուէլ Մոնթէյրօ Տէ Գասթրոյին, որ յառաջիկայ 18 փետրուարին կը ստանայ ծիրանաւորի աստիճան եւ որ իր կարգին յաջորդեց կարտինալ ֆորթունաթօ Պալտելլին կաթողիկէ եկեղեցւոյ Աւագ Խոստովանահայրի պաշտօնին վրայ։
Գերապայծառ Պալտիսսէրրին կը դառնայ նաեւ Կարտինալական դասի քարտուղար։









All the contents on this site are copyrighted ©.