2012-01-13 12:53:23

Ռատիօ Վատիկանի Հիմնադրութեան 80-ամեակի առթիւ Ճանչնանք Ձայնասփիւռի այլ Հաղորդումները։


Ռատիօ Վատիկանի Սպաներէն Լեզուով Յայտագիրը՝ միջոց հաղորդակցութեան եւ աւետարանացումի ի սպաս Սուրբ Պետրոսի առաքելութեան, երկխօսութեան մէջ կը դնէ Պապին Ձայնը տեղական եկեղեցիներու ու տարբեր մշակոյթներու հետ, ներդաշնակութեամբ նաեւ 2007ին կայացած Լատինամերիկայի ու Գարաիպի Եպիսկոպոսաց Համահաւաք Դասի Ե. րդ Ընդհանուր Խորհրդաժողովի ցամաքային մեծ առաքելութեան հետ ։
Սպաներէն լեզուով հաղորդումները ,գլխաւորաբար ծիսական արարողութիւնները կը ձայնասփռուէին Ռատիօ Վատիկանի հիմնադրութենէն սկսեալ, իսկ 1938ին սկիզբ կ՝առնէր շաբաթը երկու անգամ Սպաներէն Ձայնասփռումները , որոնք առօրեայ կը դառնային արդէն 1940-ին։
Ներկայիս Ռատիօ Վատիկանի Սպաներէն Յայտագիրները իրենց ունկնդիրները կը տեղեկացնեն ՝՝Քահանայապետի գործունէութեան,Սուրբ Աթոռի գործունէութեան եւ Սպանիոյ ու Լատին Ամերիկայի կրօնական վերջին այժմէութեան մասին,ինչպէս նաեւ տեղ կը գտնեն խորհրդածութիւններ ու մեկնաբանութիւներ տարբեր նիւթերու մասին՝ եկեղեցական, ընկերային,մշակութային քաղաքական ու հովուական նիւթերու մասին ...
Լատին Ամերիկայի ու Գարաիպեան երկիրներու,ու նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի սպանախօս համայանքներու համար Վատիկանի Ռատիոկայանէն ամէն որ ուղղակի եթերով կը ձայնասփռուին առօրեայ երկու հաղորդումներ։
Իսկ կարեւոր քայլ մը հանդիսացած է 2001ին Սպաներէն հաղորդումներու կայքէջի հաստատումը ,որը դարձած է տեղեկութեանց անփոխարինելի աղբիւր մը կաթողիկէ եւ ոչ կաթողիկէ մաս-մէտիաներու՝ ու նաեւ լրացուցիչ տարր մը առօրեայ սպաներէն ձայնասփռումներու համար։
Ռատիօ Վատիկանի Սպաներէն հաղորդումները կը շարունակեն մնալ հիմնակէտ մը հաղորդակցութեանց համայնապատկերի Մարմիններու մէջ՝ ոչ միայն Լատին Ամերիկայի կաթողիկէ ունկնդիրներուն համար(ինչպէս ծանօթ է Լատին Ամերիկեան հողաշերըտը կը բովանդակէ աշխարհի կաթողիկէներու մեծամասնութիւնը) եւ ճիշդ ասոր համար գոյութիւն ունի յատուկ գրասենեակ մը որ կ՝աշխատի ամրապնդել գործակցութիւնը ընդ մէջ Ռատիօ Վատիիանի եւ Լատին Ամերիկեան հողամասի գրեթէ բոլոր Ռատիօկայաններու եւ Զանգուածային Մաս-մէտիաներու հետ ։








All the contents on this site are copyrighted ©.