Երկար տարիներու սուր բանակցութիւններէ ետք, անցեալ 11 յունուարին՝ չեխ կառավարութիւնը
ֆինասաւորական հատուցումի համաձայնութիւն մը կնքեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ ։ Օրէնքը կը
նախատեսէ որ եկեղեցին վերստանայ համայնավարութեան տարիներուն բռնագրաւուած կալուածներուն
56 տոկոսը, իսկ մնացածին համար դրամական հատուցում պիտի կատարէ, աւելի քան 3 միլիառ եւրօ,
յառաջիկայ 30 տարիներուն ընթացքին։ Պետութիւնը իր կարգին պիտի դադրեցնէ ամսականներու
վճառումը եկեղեցականներուն։