2012-01-13 12:53:43

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան Պատրիարքին Մահուան Ա. Տարելիցը։


(Ծնած՝ 20/01/1927ին- վախճանած՝ 16/01/2011ին)։
Լիբանան- Զալքայի հայ կաթողիկէ ՜՜Սուրբ Խաչ՝՝ եկեղեցւոյ մէջ, Կիրակի, 15 յունուարի՝ (2012) առաւօտեան ժամը 10.30-ին, երջանակայիշատակ Յովհաննէս Պետրոս ԺԸ. Գասպարեան կաթողիկոս պատրիարքի մահուան տարելիցին առթիւ տեղի պիտի ունենայ հայրապետական սուրբ Պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն, զոր պիտի մատուցանէ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը։
Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին սոյն եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ։
Միշտ Կիրակի 15 Յունուարին, Մոնրէալի Տիրամօր Նարեկի նուիրուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ (Գանատա) ժամը 10.30-ին եւ 12.15-ին, Հոգեհանգստեան Ս. Պատարագներ պիտի մատուցուին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց վաստակաւոր պատրիարք՝ Յովհաննէս Պետրոս 18-րդ.ի հոգւոյն համար։
Բարեյիշատակ պատրիարքը իր մահկանացուն կնքած էր (անցեալ տարի) 2011-ի՝ 16 Յունուարին, Լիբանանի մէջ։
Երջանկայիշատակ պատրիարքը եղաւ սիրուած հովիւ մը իր հօտին ու իսկական հայր մը։ Ան նաեւ մեծապէս յարգուած ու սիրուած էր բոլորին կողմէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.