2012-01-12 12:01:24

Ֆրանսացի Թղթակից Մը Կը Սպաննուի Սուրիոյ Հոմս Քաղաքին Մէջ։ Ասսատ Կը Դատապարտէ Արտաքին Միջամտութիւնները։


Սուրիոյ Հոմս քաղաքին մէջ զոհուած է ֆրանսացի լրագրող Ժիլ Ժաքիէ (Gilles Jacquier):
Ժ. Ժաքիէ «France 2» հեռուստաալիքի թղթակիցն էր:
Ժաքիէ զոհուած է հրթիռի պայթիւնի հետեւանքով, երբ խումբ մը այլ թղթակիցներու հետ հետաքննութիւն կը պատրաստէր: Ան առաջին օտարերկրացի լրագրողն է, որ զոհուեցաւ Սուրիոյ մէջ Մարտ 2011էն ի վեր ծայր առած բախումներուն պատճառով:
Ժ. Ժաքիէ 1999 էն ի վեր France 2 հեռուստաալիքի թղթակից էր:
Պայթիւնի հետեւանքով վիրաւորուած է նաեւ Պելճիքացի լրագրող մը, կը տեղեկացնէ արաբական «Տուալիէ» թերթը:

Երեքշաբթի 10 Յունուար­ին Դամասկոսի համալսարանին մէջ իր արտասանած ճառէն 24 ժամ ետք, Սուրիոյ նախագահ Ադսատը Դամասկոսի մէկ հրապարակին վրայ տեղի ունեցող բազմամարդ ցոյցի մը մասնակցեցաւ եւ խօսք մը արտասանեց՝ ըսելով. «Սուրիացիները անկասկած դաւադրութիւնը պարտութեան պիտի մատնեն»։
Նշենք, որ ցոյցի բեմահարթակին մօտ կանգնած էին նաեւ Սուրիոյ առաջին տիկինն ու անոր զաւակները։
Ասատ յայտնեց նաեւ որ իր երկիրը կ՛ենթարկուի տեղեկատուական աննախադէպ յարձակումի մը: «Աւելի քան 60 միջազգային լրատուամիջոցներ ներկայիս Սուրիոյ դէմ կը գործեն », ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ «արիւնալի լրատուութիւնը» չկրցաւ սուրիացի ժողովուրդին միասնականութեան վնասել:








All the contents on this site are copyrighted ©.