2012-01-12 12:00:49

ֆրանսայի Կաթողիկէ Սկաուտներու Հիմնադիրին՝ Հայր Ժագ Սեվէնի Երանացման Դատը Սկսած Է։
Հայր Ժագ Սեվէն իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր երիտասարդներուն։


Սուրբերու դատի պատասխանատու կարտինալներն ու եպիսկոպոսները 10 յունուարին ճանչցած են հերոսական առաքինութիւնները հայր Ժագ Սեվէնին (1882-1951)։
Յիսուսեան այս եկեղեցականը 1920-ին հիմնած է ֆրանսայի կաթողիկէ սկաուտներու երիտասարդական շարժումը։
Սուրբերու դատը իր խորհրդաժողովին ընթացքին ճանչցած է յիուսեան հայր Ժագ Սեվէնը՝ որպէս ''Աստուծոյ ծառայ'', կը մնայ Սրբազան Քահանայապետին վաւերացումը որպէսզի երանացման դատը հաստատուի։
Յայտնենք որ յիսուսեան հայր Ժագ Սեվէն 1913ին հանդիպում կ'ունենայ Լորտ Ռոպէրթ Պատեն-Պովէլի հետ, , անգլիացի այդ զօրավարը 1907-ի՝ օգոստոսին հիմը կը դնէր սկաուտական շարժումին։ Պելկիոյ մէջ` 1918-ին, Հայր Ժագ Սեվէն գաղտնաբար կը հիմնէ կաթողիկէ սկաուտական շարժումը, ապա 1920-ին ֆրանսայի մէջ կը հիմնէ առաջին սկաուտական շարժումը։ 1944-ին հայր Ժագ Սեվէն սկիզբ կու տայ ''Երուսաղէմի ս. Խաչ'' կոչուած կրօնաւորական նոր միաբանութեան մը, որուն հոգեւորութիւնը կը ներշնչուի սկաուտական շարժումէն։
Նշենք որ սկաուտական շարժումը համաշխարհային կամաւորական շարժումն է, որուն նպատակն է զարգացնել պատանիներու եւ անչափահասներու մօտ բարոյական, ֆիզիքական եւ քաղաքացիական արժէքները։ Ներկայիս սկաուտական շարժումը աշխարհի մէջ կը հաշուէ 28 միլիոն անդամներ, տարածուած՝ 150 երկիրներու մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.