2012-01-12 11:59:07

ֆրանսայի Եկեղեցւոյ Ներկայցուցիչներու Տարեկան Հանդիպումը Կառավարութեան Հետ։


Յունուար 10-ին՝ ֆրանսայի կառավարութիւնը նախագահութեամբ ֆրանսուա ֆիլոնի եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու հետ միասին, շօշափեցին հետեւեալ նիւթերը. հոգեւոր հայրերու ներկայութիւնը հիւանդանոցներու մէջ, կաթողիկէ համալսարաններու վկայականներու ճանաչումը ֆրանսայի պետութեան կողմէ եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու հարցը։
Յայտնենք որ նախարարապետ Լիոնէլ Ժոզբէանի նախաձեռնութեամբ, 2002-էն ի վեր, ամէն տարի ֆրանսական պետութիւնը եւ կաթողիկէ եկեղեցին տարեկան խորհրդակցութիւն կը կատարեն ուսումանսիրելու տարբեր թղթածրարներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.