2012-01-12 11:58:18

Վատիկանի Հաւատոյ Ժողովը Հրապարակած Է Հովուական Ցուցմունքներ Հաւատքի Տարւոյն Համար։


Հաւատքին տարւոյն առթիւ, 11 հոկտեմբեր 2012 էն 24 նոյեմբեր 2013-ը, Յունուար 7-ին լոյս տեսաւ, հաւատոյ ժողովի հովուական ցուցմունքները` ուղղուած կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն եւ ժողովրդապետութիւններուն։ Պենետիկտոս ԺԶ. Քահանայապետի բաղձանքով, հաւատքի տարիով պիտի վերակոչուի Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձը եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կրօնուսուցումի հրատարակութեան 20-րդ տարեդարձը։
Տիեզերական Եկեղեցւոյ մակարդակին վրայ, գլխաւոր երեք դէպքեր պիտի յատկանշեն ''Հաւատքի տարին''. 2012-ի հոկտեմբերի եպիսկոպոսական սինիւդոսը ՜՜հաւատքի փոխանցումին նոր աւետրանութեան միջոցաւ՝՝ նիւթին մասին, ՜՜Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը՝՝ Պրազիլի Ռիօ տէ Ժաներոյի մէջ 2013-ի օգոստոս ին, եւ ՜՜Հաւատքի տարւոյն եզրափակումի պատարագը՝՝ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ, Յիսուս Թագաւորի տօնին օրը` 24 նոյեմբեր 2013-ին։
Վատիկանի հաւատոյ ժողովը կը քաջալերէ քրիստոնեաները կազմակերպելու ուխտագնացութիւններ դէպի Հռոմ, Ս. Երկիր եւ Մարեմեան Սրբավայրերը։ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդը իր կարգին նախաձեռնութիւններ պիտի առնէ սատարելու քրիստոնեաներու միութեան, որ Վատիկանեան Երկրորդ Տիեզերական Ժողովի գլխաւոր նպատակներէն մէկը եղած էր։
Կը նախատեսուի համամիութենական ծիսակատարութիւն մը. վերահաստատելու բոլոր քրիստոնեաներուն հաւատքը Քրիստոսի անձին։
Վատիկանի հաւատոյ ժողովին համար ''Հաւատքի Տարին'' առիթ պէտք է հանդիսանայ ճանչնալու թէ' Վատիկանեան երկրորդ տիեզերական ժողովի ուսուցումները եւ թէ' կաթողիկէ եկեղեցւոյ կրօնուսուցումը։
Ասոր համար կը քաջալերէ վերահրատարակութիւնը եւ ծաւալումը այս վաւերաթուղթերուն զանազան լեզուներով ու մատչելի գինով։
Վատիկանի հաւատոյ ժողովը կը քաջալերէ թեմական եպիսկոպոսները հրատարակելու հովուական թուղթ մը հաւատքի մասին եւ շահագործելու ընկերային հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները ներառեալ գեղարուեստական ժառանգութիւնը։ Հուսկ Վատիկանի հաւատոյ ժողովը կը հրաւիրէ հաւատացեալները հաղորդելու իրենց քրիստոնէական հաւատքի ապրումները այլ դաւանանքի, այլ կրօնի եւ անհաւատ անհատներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.