2012-01-12 11:58:09

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Յառաջաիկայ 14 Յունուարին Կ՛ընդունի Իտալիոյ Վարչապետ Մարիօ Մոնթին


Իտալիոյ Նոր Վարչապետը՝ Մարիօ Մոնթի իր անուանումէն ետք առաջին անգամ ըլլալով պիտի ընդունուի Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի կողմէ՝ յառաջիկայ 14 յունուարին։ Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումէն անմիջապէս ետք Իտալիոյ վարչապետը հանդիպում կ՛ունենայ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարտինալ Թարչիզիօ Պերթոնէի հետ։ Նշենք որ Մարիօ Մոնթի` կաթողիկէ հաւատացեալ վարչապետը, անցեալ 1 յունուարին այցելած էր Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ զետեղուած Մսուռը ու ապա երջանկայիշատակ Երանելի ՅՊԲ Դամբանին առջեւ ծնկաչոք աղօթած էր։ Նշենք նաեւ որ անցեալ 18 նոյեմբերին վարչապետ Մարիօ Մոնթի Փիումիչինոյի օդակայան ներկայ էր, ողջունելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը անոր Պենեն կատարած առաքելական ճամբոդութեան առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.