2012-01-12 12:04:31

MՀայ Խաղաղապահներու 40 Հոգիէ Կազմուած Խումբը Գերմանիա Մեկնած,ուրկէ Աֆղանիստան Պիտի Մեկնի ։


Հայ խաղաղապահներու 40 հոգիէ կազմուած հերթական խումբը 11 Յունուարի երեկոյեան մեկնած է Գերմանիա, իսկ այնուհետեւ պիտի մեկնի ` Աֆղանիստան: Այս մասին Tert.am-ին տեղեկացուցած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի քարտուղար Դաւիթ Կարապետեան:
«Սովորաբար զօրքը Գերմանիոյ մէջ կը մնայ 20 օր, ուր կ’իրականացնէ վերապատրաստման փորձեր: Եւ միայն անկէ ետք կը մեկնի Աֆղանիստան` փոխարինելու Գունտուզի մէջ տեղեկայուած հայ խաղաղապահ զօրքը»,( ըսած է Դաւիթ Կարապետեան):
Այս պահուն Աֆղանիստանի մէջ գտնուող հայ խաղաղապահները Հայաստան պիտի վերադառնան Փետրուարին: Դաւիթ Կարապետեանի խօսքով` խաղաղապահ առաքելութեան ուղարկուող զօրքին թիւը կ’որոշուի ըստ անհրաժեշտութեան եւ խումբի անդամ կրնան ըլլալ միայն խաղաղապահ զօրքերուն ծառայողները:








All the contents on this site are copyrighted ©.