2012-01-11 12:55:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։
Սրբազան Հօր Չորեքշաբթի Օրուայ Ընդհանուր Ունկնդրութիւնը։


Չորեքշաբթի 11 յունուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 10.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ.ի անուան սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց հազարաւոր ուխտաւորներուն, որոնց շարքին նաեւ Հռոմի Կենդանաբանական Պարտէզի՝ Պիոբարգի անձնակազմը, որ այս տարի կը տօնախմբէ իր հիմնարկութեան 100 ամեակը։
Ունկնդրութեան առթիւ ու խորհրդանշելու՝ Պիոբարգի ծաւալուն գործունէութիւնը անասուններու պահպանումին գծով, Սրբազան Հօր ներկայացուեցաւ Գուպայի Հազուագիւտ Կոկորդիլոսի նմուշ մը, որ յանձնուած էր Պիօբարգի անձնակազմի խնամատարութեան, եւ որ պիտի վերադառնայ երկիրը յառաջիկայ մարտին, Սրբազան Քահանայապետին Գուպա կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան առիթով։
Նշենք որ Գուպայի կոկորդիլոսը կ՛ապրի կղզիի սահմանաբակ տարածքի մէջ եւ բնաջնջուելու վտանգի տակ գտնուող անասուն մը դասուած է ։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ գերմանիոյ Րէկէնզպուրկ թեմի եպիսկոպոսին՝ գերապայծառ Կէրարտ Լուտուիկ Միւլլէրի հետ։
Իսկ երէկ, երեքշաբթի 10 յունուարի՝ յետ միջօրէին Սրբազան Հայրը առանձնական հանդիպում ունեցած էր Գէօլնի արքեպիսկոպոս Կարտինալ Ժոագին Մէյզնէրին հետ։

Ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան հայրը խորհրդածութիւնը մը կատարեց ըսելով.

Սիրեցեալ եղբայրներ եւ քոյրեր
Այսօր կը շարունակենք մեր մտածականը Յիսուսի աղօթքի վերաբերեալ, ի մասնաւորի վերջին ընթրիքի ընթացքին իր աշակերտներուն հետ միասին կատարած աղօթքին։
Ըստ Սուրբ Յովհաննէսի, այս հանդիսաւոր պահը յատկանշուած է Յիսուսի անխուսափելի մահուան սպառնալիքով եւ կը սահմանափակուի Զատկուայ շրջապատի մէջ միանգամայն սակայն կը յայտնաբերէ նորութիւն մը ՜՜ Յիսուս ինքզինք կը նուիրէ՝՝։
՜՜Իր ընթրիքն է սա. ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, Հացի բեկանումը ու գինիի բաշխումը որով կը հաստատուի Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդը աղօթքի կեդրոնական տեղը կը գրաւեն։ Այս գինիի եւ հացի պարգեւով Յիսուս կը կանխատեսէ իր Մահն ու Յարութիւնը եւ կ՛իրականացնէ սիրոյ զոհաբերումի խորհուրդը։
Այս խորհուրդը կը յանձնէ իրեններուն ու կը վստահեցնէ նաեւ մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդով եկեղեցին կ՝արձագանգէ Յիսուսի պատուիրանին որ է ՜՜Այս կատարեցէք իմ յիշատակիս համար՝՝ եւ կը կրկնէ գոհաբանական ու օրհնութեան աղօթքը որ կը փոխակերպէ հացն ու գինին Քրիստոսի Մարմնոյն ու Արեան։
Սուրբ հաղորդութեան խորհուրդին մեր մասնակցութեամբը՝ մենք սնունդ կ՛առնենք Աստուծոյ Որդւոյն Մարմինէն ու Անոր Արիւնէն։ Ու այսպէսով կը միանանք այն աղօթքին որ կը շարունակէ, այնպէս մը ընել որ՝ մեր կեանքը կորուստի չմատնուի ի հեճուկս մեր թերութիւններուն ու մեր անհաւատարմութեան եւ բարեփոխուի անոր Մահուան ու Յարութեան ուժով։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջոյնի խօսք ուղղեց ներկաներուն, ու յատուկ սիրալիր ողջոյնի խօսք մը ուղղելով նաեւ երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակեալներուն՝ զանոնք հրաւիրելով մտածելու՝ մկրտութեան խորհուրդի մասին ու անոր միջոցաւ մեզի պարգեւուած շնորհքներուն։ Հուսկ տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.