2012-01-10 10:58:43

Հիւանդի Համաշխարհային 20-րդ Օրուան Առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Բաղձայ Որ Վերաժեւորուի ՜՜Հիւանդաց Օծումի՝՝ Խորհուրդը։


Հիւանդին համաշխարհային 20-րդ օրուան առթիւ, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը կը բաղձայ որ Հիւանդաց օծումի խորհուրդը վերագտնէ իր տեղն ու դերը եւ չնկատուի որպէս երկրորդ կարգի խորհուրդ մը։
Նորին Սրբութիւնը 3 յունուար 2012-ին հրապարակուած իր աւանդական պատգամին մէջ, կը գրէ. ՜՜Հիւանդաց օծումի խորհուրդը արժանի է աւելի նկատողութեան աստուածաբանական եւ հովուական գետնի վրայ։ Պէտք չէ զայն նկատել որպէս երկրորդ դասկարգի խորհուրդ մը՝՝։
Հետեւաբար Սրբազան Հայրը կը խնդրէ որ աւելի խորացուին իմաստը աղօթքներուն, որ կը պատշաճին ամէն հիւանդին եւ ոչ միայն օրհասներուն։
՜՜Յիսուս Թագաւոր՝՝ի տօնին, Սրբազան Քահանայապետը գրած էր որ ՜՜վերագտնուած առողջութիւնը՝՝ նշան է ամենաթանկագին բանին եւ աւելի արժէքաւոր է ֆիզիքական բուժումէն, քանի որ ան ի յայտ կը բերէ ՜՜Մարդուն կարեւորութիւնը Տիրոջ աչքին ՝՝ թէ հոգւով եւ թէ մարմնով ։ Նոյնպէս Սրբազան հայրը մատնանշած է որ ՜՜տառապանքի պահուն՝ երբ կարելի է որ մարդ արարածը դիւրաւ իյնայ վհատութեան եւ յուսալքումի վտանգին մէջ, այս պահը կրնայ նաեւ դառնալ շնորհքի առիթ մը վերամտածելու կեանքի արժէքին եւ ճանչնալու իր սխալներն ու անկումները։
Յայտնենք որ հիւանդին համաշխարհային օրը կը յիշատակուի 11 փետրուարին` Լուրտի Տիրամօր տօնին օրը, այս տարի ունի որպէս բնաբան Ղուկասի Աւետարանէն առնուած Յիսուսի սա խօսքը ''Ոտքի ե'լ եւ գնա' հաւատքդ քեզ փրկեց''։








All the contents on this site are copyrighted ©.