2012-01-10 11:00:33

Հայր ֆետերիքօ Լոմպարտիի Շաբաթական Խմբագրականը
Ինչու Մէքսիքօն


Նոր տարուայ առաջին օրը Մէքսիքօյի եւ Գուպայի եպիսկոպոսները ներկայացուցին Սրբազան Քահանայապետին կատարելիք ճամբորդութեան յատագիրը ։
Հարկ չկայ որ ուշադրութիւն յատկացնենք Գուպայի ճամբորդութեան մասին քանի ճամբորդութիւնը տեղի կ՛ունենայ Գուպայի Պաշպան Սուրբ Caridad del Cobre սուրբ կոյսի յոբելեանին առթիւ որ Գարայիպեան կղզիի քաղաքական եւ պատմական կեանքի եզակի մէկ երեւոյթ է։ Հարկ է սակայն, կեդրոնանալ այն այլազան պատճառներուն ու անոնց իմաստներուն, առաքելական ճամբորդութեան Մեքսիքղյի մէջ կատարելիք հանգրուանին։

Անցեալ 12 փետրուարին, Կուատալուբի Տիրամօր Տօնին առթիւ՝ Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած պատարագին ընթացին, Սրբազան Քահանայապետը յայտնեց իր փափաքը մասնակցելու՝ Լատին Ամերիկայի երկիրներու անկախութեան 200 ամեակի յոբելեանին եւ խօսեցաւ ՜՜համալրումի ճանապարհի՝՝ մասին, այս ՜՜սիրելի ցամաքամասի՝՝ մէջ եւ անոր աշխարհի մէջ զարգացող առաջատար դերին մասին մատնանշելով մարդկային աճումի հորիզոնները եւ նոր աւետարանացումի ուղիով ՜՜ցամաքամասի առաքելութեան՝՝ ։
Եւ այսպէս է որ Սրբազան Հայրը որոշեց այցելել սպանախօս երկիրներու ամենաշատ բնակչութիւն ունեցող երկիրը, շարունակելու՝ տօնախմբութիւնները Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական դասի ներկայացուցիչներուն հետ միասին, ճիշդ ՜՜երկուհարիւրամեակի այգիին՝՝ “Parco del Bicentenario”ի մէջ, որ վերջերս կառուցուած է Մէքսիքոյի աշխարհագրական կեդրոնական վայրին մէջ, Յիսուս Թագաւորի սրբավայրին ոտքը որ հոգեպէս կ՛ընգրկէ համայն երկիրը։
Ով է կարող է անտարբեր մնալ մէքսիքացիներու Սրբազան Քահանայապետի ցուցաբերած ջերմութենէն, անոնց խանդավարութենէն , երբ անոնք կու գան Հռոմ զինք այցելելու։ Ով չի յիշեր ՅՊԲ սրբազան քահանայապետին յատկացուած՝ յաղթական ընդունելութիւնը անոր հինգ ճամբորդութիւններուն ընթացքին եւ իր կեանքի վերջին ամիսներուն այն երկիրը կատարած իր ուխտաւորութիւնը։
Քսան տարի առաջ, հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւնները Սուրբ Աթոռի հետ, Մեքսիքօ-ն ճանչցաւ իր ժողովուրդին կաթողիկէ խոր հոգին։
Պենետիկտոս ԺԶ. գիտէր որ Մեքսիքօ-ն պիտի այցելէր եւ ընտրեց վայր մը՝ ուր իր նախորդը չէր կարողացած այցելել։ Որովհետեւ ասիկա նոյն առաքելութիւնն է որ կը շարունակուի եւ կը զարգանայ։ Թող այս ճանապարհորդութիւնը ըլլայ ազդակ մը աղքատութեան եւ բռնութիւններու յաղթահարման, ու ներշնչէ խաղաղութիւն եւ յոյս մեքսիքոյին ու համայն Լատին Ամերիկային։








All the contents on this site are copyrighted ©.