2012-01-10 10:59:48

Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային 98րդ օրուայ ներկայացում


Երեքշաբթի 10 յունուար 2012-ի՝ առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Ռատիովատիկանի Մարքոնի անուան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային 98-րդ օրը, որուն նշումը պիտի կատարուի յառաջիկայ 15 յունուարին։ Ներկայացումը կատարեցին Միկրանթէս հիմնարկի նախագահը՝ գերապաայծառ Պրունօ Սքէթթինօ եւ հիմնարկին ընդհանուր տնօրէնը՝ գերապայածառ Ճանգարլօ Բէրէկոն։
Նշենք որ նոյն օրը Փարիզի՝ Ֆրանսայի եպիսկոպոսական դասի կեդրոնի մէջ եւս` Գաղթականներու եւ Փախստականներու համաշխարհային 98-րդ օրը ներկայացուցին ֆրանսայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի գաղթականներու հովութեան պատասխանատուն՝ գերապայծառ Գլոտ Շոքերթ, եւ գաղթականներու հովութեան ազգային սպասարկութեան տնօրէնը՝ հայր Պերնարտ ֆոնդէն ։








All the contents on this site are copyrighted ©.