2012-01-09 14:05:33

Սարքոզի Կ'ուզէ Հայկական Ցեղասպանութեան Մերժումը Քրէականացնող Օրէնքը ի Զօրու Դարձնել Եւրոմիութեան Ողջ Տարածքին (Կ՝ըսէ Թուրքիոյ Դեսպանը)։


Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին ընդունումէն ետք, 23 Դեկտեմբերին տուն դարձած Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու իր Ֆրանսա վերադարձին, սպասուելիք զարգացումներու մասին պարզաբանումեր ըրած է եւ ըսած թէ Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզի այս անգամ աշխատանք կը տանի Եւրոմիութեան տարածքին ի զօրու ըլլալիք օրէնքի ընդունման վերաբերեալ: 10 Յունուարին Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքը պիտի քննարկուի Ծերակոյտի Յանձնախումբին կողմէ, ապա՝ 23-31 Յունուարին՝ պիտի դրուի Ծերակոյտի քննարկման:
՝՝Նիքոլա Սարքոզի՝ նոյնիսկ Ծերակոյտի որոշումին չսպասելով՝ անձնապէս յանձնարարութիւններ տուած է Եւրոմիութեան տարածքին ընդունելու օրէնք մը, որ կրնայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան վրայ ազդել(ըսած է դեռ Պուրճուօղլու):
Ինչպէս 19 Ապրիլ 2007ին Եւրոմիութեան Արդարադատութեան եւ ներքին գործերու խորհուրդին կողմէ ընդունուած «պայքար ռասիզմի եւ օտարատիացութեան դէմ» օրէնքին, որ պատիժ կը սահմանէ Հոլոքաուստը (Հրեաներու Ողջակիզումը) մերժողներուն դէմ, նոյն ձեւով Սարքոզի Հայկական Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող Օրէնքը կ'ուզէ ի զօրու դարձնել ամբողջ Եւրոմիութեան տարածքին: Այս առնչութեամբ յանձնարարութիւն գացած է Պրիւքսէլի Եւրոմիութեան Յանձնաժողովին եւ Եւրոմիութեան Խորհուդին: Եթէ Ֆրանսայի Ծերակոյտը այս օրէնքը վաւերացնէ «Հայկական Ցեղասպանութեան ժխտումը» ամբողջական օրէնքի ծիրէն ներս առնելով՝ մերժողները Եւրոմիութեան տարածքին պատիժի պիտի ենթարկուին:
Ֆրանսայի իշխանութիաններուն կարծիքով օրէնքը Ծերակոյտէն անցնելու պարագային Եւրոմիութեան տարածքին իրաւական ենթակառուցուածք պիտի կազմուի եւ ամբողջական օրէնք պիտի ձեւաւորուի:








All the contents on this site are copyrighted ©.