2012-01-09 13:45:27

Լատերանեան Համալսարանին Մէջ Համաժողով Ի Պատրաստութիւն Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին։
Ընտանիք եւ ընկերութիւն յարբերութեանց մասին


Յառաջիկայ 11 յունուարին առաւօտեան ժամը 10-ին, Լատերանեան համալսարանի ՅՊԲ.ի անուան հանդիսասրահին մէջ, ի պատրաստութիւն Միլանոյի մէջ գումարուելիք (30 մայիսէն 3 յունիս 2012) Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումին, տեղի կ՛ունենայ համաժողով մը՝ Ընտանիք եւ ընկերութիւն յարբերութեանց մասին, <<Ի՞նչ տեսակ ընտանիք ի՞նչպիսի ընկերութեան մը համար>> խորագրով։
Համաժողովի բացումը կը կատարէ Լատերանի համալսարանի Րէկտորը, որմէ ետք խօսք կ՛առնեն բարձրաստիճան եկեղեցականներ եւ աշխարհականներ մինչ նիստերու փակումը կը կատարէ` Ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարտինալ Էննիո Թոնելլին։ Այս նախաձեռնութեամբ կ՛ուզենք խորհրդածել թէ ինչպէս ընկերային լրատուական միջոցները կրնան կողմնորոշել ընտանեկան յարաբերութիւնները, վերատեսելով՝ անոնց ժամանակը, տարածութիւնը, եւ դերը, ու սահմանելով՝ նոր մարտահրաւէրներ կրթական ճգնաժամի այսօրուայ լոյսին տակ. յայտարարած է Տիար Տարիօ Էտուարտօ Վիկանոն` տնօրէնը Redemptor Hominis հովուական հաստատութեան ։
Միլանոյի Ընտանիքներու 7-րդ Համաշխարհային Հանդիպումը՝ որ ունի որպէս նիւթ ՜՜Ընտանիք, Աշխատանք եւ Տօներ''ը, արտակարգ հնարաւորութիւն մը կը ներկայացնէ վերատեսելու աշխատանքը եւ տօնը միացած, եւ կեանքի առջեւ բաց ընտանիքի մը հեռանկարով՝ որ ընկերութեան ու եկեղեցւոյ լիիրաւ մաս մըն է, եւ ուշադիր է յարաբերութիւններու որակին ու նաեւ ընտանեկան օճախի տնտեսութեան։
Ընտանիքի Քահանայապետական Խորհուրդը ունի կայքէջ մը որուն հասցէն է. www.familia.va








All the contents on this site are copyrighted ©.