2012-01-08 10:48:31

"Տատիկիս Դաջուածքներ"ու Յաղթարշաւը Կը Շարունակուի. Շուէտի Յայտնի Թերթը Զայն Գնահատած է Հինգ Աստղով ։


Շուէտի ամենայայտնի (Svenska Dagbladet)թերթը, որ ունի աւելի քան 200 000 բաժանորդ, անդրադարձած է Սիւզան Խարտալեանի “Տատիկիս Դաջուածքները” յայտնի շարժանկարին եւ զայն գնահատած հինգ աստղով, որ կը համարուի ամենաբարձր գնահատականը։
Յունուար 6ին, շարժանկարը ցուցադրուած է Շուէտի պատկերասփիւռներէն , այդ առիթով “Սվենսքա Տակպլատեթ”ի լրագրող Ասդրայտ Սոտերպըրկ Ուիտինկ “ Պայքար Լռութեան Դէմ” խորագրին տակ կը գրէ, “Խարտալեանի շարժանկարի հզօրութիւնը այն է, որ ան չի փորձեր գեղեցկացնել, ծածկել, սրբագրել տգեղութիւնները. հանդիսատեը իր հետ ճամբայ կ’ելլէ եւ կը լծուի փնտռտուքի մը , հանդիսատեսը իր հետ կը բաժնեցկի ցաւը, ցաւը լռութեան իրականութեան դիմաց,լռութեան հետ դէմհանդիման գալու անհրաժեշտութեան համար, ցաւը, զոր լռութիւնը իր հետ յաւերժ մոռացութեան տուած է յիշողութիւնը, մեծ մօր կեանքի շատ մանրամասնութիւններ, որոնք երբեք կարելի պիտի չըլլայ ամբողջութեամբ վերականգնել. յիշողութիւնը անծիր անդունդ մըն է, կան միայն պատառիկներ, ոճիրի մասի յիշողութենէ մը մնացած բեկորներ եւ դեղնած լուսանկար մը”, գրած է թերթը( Svenska Dagbladed/ Quotidiano )։








All the contents on this site are copyrighted ©.