2012-01-08 12:28:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Սիքստինեան Մատրան Մէջ Գլխաւորեց Սուրբ Պատարագը եւ Մկրտութեան Խորհուրդի Արարողութիւնները։


Կիրակի 8 յունուար 2012 առաւօտեան ժամը 9.45 Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ինչպէս ամէն տարի, Յիսուսի մկրտութեան տօնին առթիւ, Վատիկանի աշխարհահռչակ Սիքստինեան մատրան մէջ գլխաւորեց սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն ընթացքին 16 նորածին մանուկներուն մատակարարեց մկրտութեան խորհուրդը։
Իր արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան հայրը անդրադարձաւ <<դաստիարակութեան>> մասին։
Ողջունելով մանուկներուն ծնողները` անոնց կնքահայրերն ու կնքամայրերը ու անոնց ազգականներն ու բարեկամբերը Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<ծնողներու պատասխանատուութիւնը կնքահայրերու ու կնքամայրերու օգնութեամբ այն է դաստիարակել զաւակները։ Դաստիարակութիւնը դժուար պարտականութիւն մըն է ու երբեմն մեր մարդկային սահմանաբակ կարողութիւններէն վեր կը թուի։ Սակայն դաստիարակելը կը դառնայ հրաշալի առաքելութիւն մը եթէ զայն կատարենք Աստուծոյ հետ համագործակցութեամբ որը ամէն անհատի առաջին եւ ճշմարիտ մանկավարժն է։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ խորհրդածութիւն մը կատարեց օրուան սուրբ գրային ընթերցումներու մասին ու դարձեալ շեշտը դրաւ <<դաստիարակութեան>> վրայ։
Աւետարանը կը խօսի Յովհաննէս Մկրտիչի մասին։ Յովհաննէս մեծ ուսուցիչ ու դաստիարակ մըն էր իրեն աշակերտներուն համար` որով զիրենք առաջնորդեց Յիսուսի հետ հանդիպելու եւ որուն մասին ինք վկայած էր։
Ան ինքնիր փառքը չի փնտռեց եւ իր աշակերտները իրեն չուզեց կապել։ Երբ Յիսու յայտնուեցաւ Յովհաննէս ետքայլ մը ըրաւ եւ զայն ներկայացուց որպէս << Ան որ ինձմէ ետք կու գայ ինձմէ աւելի զօրաւոր է....ես մկրտեցի ձեզ ջուրով ան պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով>> (Մարկ. 1,7-8)։
Ճշմարիտ ուսուցիչը մարդիկը իրեն չի կապեր։Ան կ՛ուզէ որ իր որդին կամ իր աշակերտը իմանայ ճշմարտութիւնը եւ անոր հետ անձնական կապ հաստատէ։
Դաստիարակիչը իր պարտականութիւնը յանձնառումով կը կատարէ մինչեւ վերջ` իր ուշադիր ու հաւատարիմ ներկայութիւնը ապահովցնելով։Անոր նպատակը այն է որ ուսանողը լսէ ճշմարտութեան ձայնը որ իր սրտին կը խօսի ու հետեւի այն ձայնին անձնական ուղեւորութեան ընթացքին։
Նորին Սրբութիւնը ապա հրաւիրեց ծնողները` կնաքահայրերն ու կնքամայրերը հաստատ կերպով հաւատալու Սուրբ Հոգիի ներկայութեան ու անոր գործունէութեան ու յայցելու անոր ներկայութիւնը աղօթքի եւ խորհուրդներու միջոցաւ։
Ան է որ միտքը կը լուսաւորէ` - հաստատեց Նորին Սրբութիւնը - եւ կը ջերմացնէ դաստիարակին սիրտը որպէսզի կարողանայ փոխանցել Յիսուսի սէրն ու գիտութիւնը։
Աղօթքը դաստիարակելու առաջին պայմանն է` որովհետեւ աղօթելով է որ Աստուծոյ կը դիմենք ու անոր կը թողունք որոշելու` գործելու նախաձեռնութիւնը։
Ծնողներն ու նմանապէս քահանաները աղբիւրներ չեն այլ պարզապէս միջոցներ ենք որոնց միջոցաւ կ՛անցնի Աստուծոյ կենսունակ անհուն սէրը։
Սիրելի բարեկամներ յայցենք ուրեմն Սուրբ Հոգին որպէսզի լիովին իջնէ այս մանուկներուն վրայ` զանոնք դրոշմէ Յիսուս Քրիստոսի պատկերով ու առաջնորդէ անոնց կեանքի քայլերը - ըսաւ Սրբազան Հայրը խօսքը եզրափակելով - ու Տիրամօր հովանիին յանձնեց նորածինները որպէսզի աճին իմաստութեամբ եւ շնորհքով ու դառնան իսկական քրիտոնեաներ` Աստուծոյ սիրոյն հաւատարիմ եւ զուարդ վկաներ։

Սուրբ Պատարագէն ետք ժամը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը իր գրասենեակի պատշգամէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին դարձեալ անդրադարձ կատարեց Սուրբ Մկրտութեան խորհուրդի մասին հրաւիրելով հաւատացեալները յիշելու իրենց մկրտութեան օրը երբ Հայրը - ըսաւ Ան - մեր վրայ ուղղեց իր նայուածքը ու մեզի պարգեւեց իր շնորհքները։ Հայրը այսօր եւս կը հրաւիրէ մեզ վկայելու իրեն անհուն սիրոյ մասին հանդէպ ամէն անհատի։
Խորհրդածութեան աւարտին յայցելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը Սրբազան հայրը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները անոնց տուաւ իր հայրական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.